Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Մենք Որոշակի Լաւատեսութիւն Կը Զգանք Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Վերաբերեալ»

October 6, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Արցախի` 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Ակնայի շրջանին մէջ անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն, մասնաւորաբար` խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը:

«Մենք որոշակի լաւատեսութիւն կը զգանք խաղաղութեան հոլովոյթին վերաբերեալ: Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը` առաջին նման հանդիպումը` խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրի պատրաստութեան առնչուած: Յոյսով ենք, որ ատիկա երկար պիտի չտեւէ: Մենք գիտենք այն մարտավարութիւնը, որ սովորաբար Հայաստանը կ՛օգտագործէ, երբ չ՛ուզեր բանակցիլ, օրինակ` ղարաբաղեան տագնապի շուրջ 27 տարի տեւած բանակցութիւններուն մէջ: Եթէ այսպէս շարունակուի, խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի: Եւ եթէ ասիկա Հայաստանի ընտրութիւնն է, ապա ան հերթական լուրջ սխալը կ՛ընէ», յայտնած է Ալիեւ` Ազրպէյճանի քաղաքաշինութեան ազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

Ան նաեւ յայտնած է. «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայերը մեր քաղաքացիներն են, եւ մենք միջազգային որեւէ կեդրոնի հետ պիտի չքննարկենք, թէ անոնց կեանքը ինչպէ՛ս պիտի կարգաւորենք»:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ «միջազգային օրէնքի հինգ սկզբունքներու վրայ»:

Ալիեւ շեշտած է, որ Պաքուն այդ կէտերուն մասին հրապարակաւ բազմիցս խօսած է, եւ կրկին թուարկած է զանոնք. «Մասնաւորաբար, երկու երկիրներու կողմէ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում, ապագային որեւէ տարածքային յաւակնութիւններէ, ուժի կիրարկումէ հրաժարում, պետական սահմաններու սահմանագծում եւ հաղորդակցութիւններու բացում»:

Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, որ Պաքուն պիտի ընդդիմանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը վերակենդանացնելու փորձերուն: «Անոնք (Մինսքի խմբակը) ոչինչ ըրած են իրենց լիազօրութիւններու ծիրին մէջ: Միակ բանը, որ Մինսքի խմբակը ըրած է` բռնագրաւումը որոշակիօրէն օրինականացնելու, յարձակողի եւ յարձակումի զոհի միջեւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու փորձերն էին», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Է Հետաքննելու Հայ Պատերազմական Գերիներու Սպանութեան Տեսագրութիւնները» Կ՛ըսէ Պորել

Յաջորդը

«Հայաստան» Խմբակցութիւն. «Իշխանութիւնը Հայ Ժողովուրդը Կը Նախապատրաստէ Նոր` Մահացու Զիջումներու»

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.