Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է հետաքննելու հայ պատերազմական գերիներու սպանութեան տեսագրութիւնները: Այս մասին ըսաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել` Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին:
Պորելի համաձայն, Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչները «վստահեցուցած են, որ հետաքննութիւն պիտի կատարեն»:


