Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ հայ պատերազմական գերիները գնդակահարելու տեսանիւթին:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է նիւթին վերաբերեալ «Հայփրես» լրատու գործակալութեան հարցումին:
«Ազրպէյճանցիներու կողմէ հայ պատերազմական գերիները մահապատիժի ենթարկելու մասին հաղորդագրութիւնները չափազանց մտահոգող են եւ պէտք է պարզաբանուին: Գերմանիան կը դատապարտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները», նշուած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ:


