Ինտոնեզիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած Արեմա-Փերսեփայա մրցումը վերջ գտաւ ողբերգութեամբ:
Արեմայի կրած պարտութենէն ետք (3-2) խումբին հազարաւոր համակիրները մարզադաշտ ներխուժելով սկսան ծեծկռտուքի ոստիկանութեան հետ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործալութիւնը յայտնեց, որ զոհուեցաւ 174 հոգի, որոնց կարգին` երկու ոստիկաններ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 38 հազար հանդիսատես հիւրընկալող մարզադաշտին մէջ ներկայ եղած են … 42 հազար հանդիսատեսներ:
Այս ողբերգութենէն ետք, Ինտոնեզիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթով մը սառեցուց ախոյեանութեան բոլոր մրցումները, մինչ Արեմայի մարզադաշտը որակազրկուեցաւ մինչեւ տարեշրջանին աւարտը:


