Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Թուիթըր»-ի վրայ անդրադարձած է համացանցի վրայ տարածուող տեսանիւթին, թէ ազրպէյճանցիները ինչպէ՛ս մահապատիժի կ՛ենթարկեն հայ պատերազմական գերիները:
«Մահապատիժի ենթարկուող հայ պատերազմական գերիներու յաւելեալ սարսափելի տեսանիւթ մը կը տարածուի: Եթէ ապացուցուի, որ այս տեսանիւթը իրական է, ապա ասիկա պատերազմական յանցագործութիւն է, որ պէտք է հետաքննուի, եւ որուն մեղաւորները պէտք պատժուին», նշած է Թոյվօ Քլաար:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 15 սեպտեմբերին ընդունած էր Հարաւային Կովկասի մէջ Վրաստանի ճգնաժամի հարցով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:


