Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 3, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.500 լ. ոսկի է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այցելելէ ետք Տիմանի մէջ խնձորի մշակներուն, հաստատեց, որ մինչեւ 31 հոկտեմբեր 2022 հանրապետութեան նոր նախագահ մը պիտի ընտրուի` աւելցնելով, որ իր հաւատքը այդպէս կը ներշնչէ: Ան շեշտեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալու հաւանականութիւնը մերժելի է` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ ներքին եւ արտաքին իմաստով վստահութիւն կը ներշնչէ եւ Լիբանանը փրկելու կարողութիւնը կ՛ունենայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը շաբաթավերջին ձերբակալեց նախկին երեսփոխան Օսման Ալամէտտինը, որ Մընիէի մէջ գնդացիրէ մը օդը կրակած էր` ընկերային տիպի խրախճանքի մը ընթացքին: Ժամեր ետք Ալամէտտին ազատ արձակուեցաւ, երբ Մընիէի բնակչութիւնը ճամբայ իջաւ եւ փողոցները փակեց` բողոքելով Ալամէտտինի ձերբակալութեան դէմ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ իրաքեան նաւթի Պէյրութ ժամանումը, որ սեպտեմբերի աւարտին պիտի զուգադիպէր, Լիբանան պիտի հասնի նոյեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իրենք իրենց զօրութեամբ կրցած են թշնամին համոզել` ճանչնալու Լիբանանի իրաւունքները: Ան հաստատեց, որ իրենք կը շարունակեն կառավարութեան կազմութեան ջանքերը, որովհետեւ կարելի չէ ընդունիլ, որ երկրին մէջ նախագահական աթոռը թափուր մնայ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց ամրապնդելու ջանքերը` յանգելու համար ընդարձակ համախոհութեան մը, որուն լոյսին տակ կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել նախագահական ընտրութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն կրնայ ըլլալ ընտրանք մը` կանխարգիլելու համար նախագահական աթոռի թափուր մնալը: Օքէյս հաստատեց, որ իրենք հարց չունին, եթէ զօր. Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի բարեկարգչական ծրագիրի մը ընդմէջէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն ճակատումի կամ մարտահրաւէրի հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ առաւելագոյն ճկունութիւնը ունի, եւ անկարելի է, որ երկիրը հարցերու եւ բախումներու առաջնորդէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ երեսփոխան Միշել Մուաուատի անունը չէր օգտագործուած պարզապէս քաղաքական խուսանաւում կատարելու համար` աւելցնելով, որ անոր ետին ճիգեր կը թափուին ընդդիմութիւնը միասնականացնելու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ անկարելի է հանրապետութեան նախագահ ընտրել դեսպանատուներուն կողմէ կազմաւորուած ընդվզեցուցիչ դէմք մը: Քասեմ կոչ ուղղեց քաղաքական տարբեր ուժերուն` նախագահական ընտրութեան առումով համախոհութիւն գոյացնելու:

«ՇԵՐՈՔԻ» տիպի ինքնագնացի մէջ գտնուող անծանօթ զինեալներ Պաալպեքի մէջ կրակ բացին լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատի մը ուղղութեամբ: Բանակը հակադարձեց իր դէմ բացուած կրակին, մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2022 Սեպտեմբեր Ամսուան Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Ծովային Սահմանագծումի Սեմին Կը Գտնուինք, Եւ Լիբանանեան Պետութեան Հայեցողութեան Ձգուած Է Լիբանանի Շահերուն Ապահովումը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.