Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէտք Է Ձեռնարկել Հոգեւոր Հայրենիքի Վերակառուցման

October 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հրաւէրով Հայաստանի ու Արցախի նախկին հինգ նախագահներու հանդիպումէն ետք տեղի ունեցան երեք ելոյթներ. մէկ մամլոյ ասուլիս (Ռոպերթ Քոչարեան) եւ երկու հարցազրոյց (Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան): Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտարարած էր, որ առաջարկած է հանդիպում ունենալ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, անկէ իմանալու համար ընթացող բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները, նկատի ունենալով, որ միայն ան գիտէ, թէ բանակցութիւններուն մասնակցող կամ հովանաւորող կողմերը ի՛նչ պահանջներ ունին: Իմանալէ ետք, ան կ՛առաջարկէր բոլոր վատ լուծումներուն մէջէն ընտրել նուազագոյն վնասակարը եւ զայն իրագործելու համար օժանդակել Նիկոլ Փաշինեանին:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի առաջարկը մեկնաբանելու լրագրողին առաջարկին պատասխանելով, Նիկոլ Փաշինեան կը մերժէ ընդունիլ, որ բանակցութիւնները ինքնուրոյն կը վարէ, ամբողջական գաղտնիութեան պայմաններուն մէջ: Ան կը թուէ բազմաթիւ կողմեր, որոնք տեղեակ կը պահուին դէպքերու ընթացքէն: Այսպէս, ան տեղեակ կը պահէ Ազգային ժողովի Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութիւնը, Անվտանգութեան խորհուրդը եւ Ազգային ժողովին մաս չկազմող ընտրեալ կուսակցութիւնները: Տեղեակ կը պահէ նաեւ Արցախի նախագահը: Ինք կը փափաքի տեղեակ պահել նաեւ խորհրդարանական փոքրամասնութեան երկու խմբակները («Հայաստան» դաշինքը եւ «Պատիւ ունեմ»-ը), բայց այս վերջինները չեն ընդառաջեր իր հրաւէրին: Ուշադրութիւն ըրէք. տեղեակ պահուողը ոչ թէ Ազգային ժողովն է, այլ` անոր խմբակցութիւնները: Ազգային ժողովին զեկուցուածը պարզապէս հեքեաթ է:

Ուրեմն այսպէս. Նիկոլ Փաշինեան պատկառելի թիւով անհատներ տեղեակ կը պահէ, թէ ի՛նչ կը բանակցի: Ինք համոզուած է, որ «խաղաղութեան դարաշրջան» բանալու իր անորոշ բանաձեւին ժողովուրդը հաւանութիւն տուած է, զինք ընտրելով վարչապետ: Ուրեմն, Փաշինեան կը բանակցի ինչպէս յարմար կը գտնէ. բանաձեւը իրն է, մեկնաբանութիւնն ալ ազատ է ու բնաւ կարիք չկայ մտնելու գաղտնապահութիւնը խախտող մանրամասնութիւններու մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան հարկաւոր չի զգար խորհրդակցելու ազգի բաղկացուցիչ կողմերուն հետ: Կամ թերեւս կը խորհրդակցի մտերիմներու սեղմ շրջանակի մը հետ, հաւատարիմներու հետ:

Ընդհանուր համախոհութիւն կը տիրէ դէպքերու ճակատագրական վտանգաւորութեան մասին: Բոլորը, իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր, համոզուած են, որ նժարին մէջ դրուած է ո՛չ միայն Արցախի գոյութիւնը, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը: Աւելի վտանգաւոր, աւելի ծանրակշիռ ի՛նչ պէտք է պատահի, որ պետութեան գլխուն գտնուող անձը յօժարի համախմբել ազգին ամբողջական ներուժը, Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք: Ո՛չ միայն տեղեակ պահէ, այլ նաեւ խորհրդակցի, գործակցի ու ի նպաստ Հայաստանին ու Արցախին օգտագործէ իւրաքանչիւրին ներդրումը փրկութեան գործին:

Համագործակցութիւն ու իշխանութեան հետ համերաշխութիւն ստեղծելու մասին փուճ խօսակցութիւնները, անծրագիր համախմբումի պահանջները կը փորձեն մոռցնել, որ պատերազմական ճիգին մասնակցութեան գծով համախմբումը գոյութիւն ունի: Կարելի չէ անորոշ գաղափարի շուրջ միասնականութիւն ստեղծել: Եթէ կարելի ըլլար գիտնալ, թէ իրողապէս ի՛նչ կը նշանակէ «խաղաղութեան դարաշրջան» բանաձեւը, կարելի կ՛ըլլար զայն քննարկել (թէկուզ գաղտնի պայմաններով), զայն մասնակի փոփոխութեան ենթարկել ի հարկին, ապա ազգովին լծուիլ անոր իրականացման պայքարին:

Դէպքերու ընթացքը, կատարուած կցկտուր յայտարարութիւնները, երբեմն յայտնուող մասնակի տեղեկութիւնները լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր: Եւ կասկածելի ու անորոշ պայմաններու առկայութեան, կարելի չէ կուրօրէն հաւանութիւն տալ գործընթացի մը, որ չենք գիտեր թէ ո՞ւր կ՛առաջնորդէ մեր հայրենիքն ու մեր ազգը:

Այս անորոշութիւնը ըստ երեւոյթին նորութիւն չէ մեր ազգային կառոյցին մէջ: Ընթերցումներուս ընթացքին հանդիպեցայ հարիւրամեակ մը առաջ Վահան Տէրեանի պատգամին ապագայ սերունդներուն: Կ՛արտագրեմ այստեղ: «Եթէ յիրաւի այսօր պարզուած է հայութեան սիրտը դէպի ապագան… ապա իր հայեացքը ո՛չ միայն դէպի Վան կամ Էրզրում պիտի ուղղէ, այլ իր ներսը, իր հոգու խորքը` տեսնելու համար, թէ կա՞յ արդեօք իր մէջ այն ամէնը, որ կենդանութիւն է ներշնչում մեր նիւթական հայրենիքին, այդ Վան եւ Մուշ եւ Էրզրումին: Իսկ եթէ դա կայ, ապա նա չի նստի ծոյլ ու անհաւատ, այլ կամքի մի գերագոյն թափով կը ձեռնարկէ այդ հոգեւոր հայրենիքի վերակառուցման»:

Վանի, Մուշի եւ Էրզրումի փոխարէն կարդացէք Շուշի, Հատրութ եւ Ջերմուկ, ու կը հասկնաք այսօրուան մեր հանրութեան հոգեվիճակը: Այո՛, մեր հոգեւոր հայրենիքը կարիք ունի վերակառուցման:

 

 

 

 

Նախորդը

«Արապ Նիուզ» Հայ-Սէուտական Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման Կարեւորութեան Անդրադարձող Ուսումնասիրութիւն Մը Հրապարակեց

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2022 Սեպտեմբեր Ամսուան Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.