Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարեց. «Մենք լրջօրէն տրամադրուած ենք ուժեղ եւ մնայուն համաձայնութեան հասնելու, եւ ամերիկացիները մեզի ներկայացուցին բնագիր մը, որ բազմաթիւ անորոշութիւններ կը բովանդակէ»:
«Վիեննայի մէջ դրական բանակցութիւններ ունեցանք, եւ լուծումը դիւանագիտութիւնը կը նկատենք», նշեց Ապտոլլահեան:
«Եթէ Միացեալ Նահանգներ պէտք եղած կամքը ունին, ապա համաձայնութիւնը կարելի է», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը պէտք է աշխատի իր պարտականութիւններուն ու թեքնիք պարտաւորութիւններուն հիմամբ եւ ինքզինք զանց կացուցէ Իրանի հիւլէական խաղաղ ծրագիրին նկատմամբ քաղաքական ու երկակի գործելաոճէն:


