Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Հարաւային Կովկասին:
Լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ ինչո՞ւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ, կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըր ներկայ չէ եղած մէկ օր առաջ Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի, Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահի` արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպումին:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է, որ դեսպան Ռիքըր եռանդուն կերպով կը հաղորդակցի իր հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ:
«Ան, ի հարկէ, անցեալ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ մեզի հետ էր` արտաքին գործոց նախարարին հետ: Ան մասնակցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ եռակողմ հանդիպումին: Ան վերջերս եղած է Հարաւային Կովկաս` անձամբ հանդիպելով այնտեղի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ: Այսպիսով, ան խորապէս ներգրաւուած է ատոր մէջ», ըսած է Փրայս:
Ինչ կը վերաբերի նախանցեալ օր Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, ապա ան ըսած է. «Երէկուան հանդիպումը, ինչպէս հասկցայ, ազգային անվտանգութեան խորհրդականներու հանդիպում էր: Մենք ներգրաւուած ենք. արտաքին գործոց նախարարը հաղորդակցած է արտաքին գործոց նախարար գործընկերներու հետ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ղեկավարներու մակարդակով համագործակցած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ: Այսպիսով, մենք ներգրաւուած ենք քանի մը մակարդակներով, բազմաթիւ ուղիներով, որպէսզի ամրապնդենք լարուածութիւնը թուլացնելու եւ զօրքերը ետ քաշելու անհրաժեշտութիւնը»:


