Խորհրդարանը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան իր նիստը, որուն պիտի մասնակցին գրեթէ բոլոր երեսփոխանական պլոքները:
Կը նախատեսուի, որ նախագահական ընտրութեան այս լիագումարը ըլլայ «Բազկերակ շօշափել»-ու նիստ մը` իմանալու համար երեսփոխանական պլոքներուն ուղղուածութիւնն ու կեցուածքները:
Միւս կողմէ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ հոկտեմբեր ամսուան վերջը ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքի պաշտօնական սակը 15 հազար լ. ոսկի պիտի ըլլայ` 1507 լ. ոսկիի փոխարէն:
Ան նկատել տուաւ, որ այս որոշումը պիտի ըլլայ նախաքայլը, որպէսզի կարելի ըլլայ տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքի միացեալ սակ մը ճշդել:
Աւելի ուշ ելեւմուտքի նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 1 նոյեմբեր 2022-էն սկսեալ տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքի պաշտօնական սակը 15 հազար լ. ոսկի պիտի ըլլայ, եւ 1507 լ. ոսկիի հիման վրայ կատարուող բոլոր գործառնութիւնները պիտի դադրին:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը կը շարունակուին` հակառակ այն իրողութեան, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չայցելեց Պաապտա եւ հանդիպում մը չունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Այս շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ է ընդգծել, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ տեսակէտներու մերձեցումին նպաստելու:


