Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամը, որ նախագահին ներկայացուց Գահիրէի մէջ իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած Աշխատանքի արաբական կազմակերպութեան խորհրդաժողովին արդիւնքները:
Պայրամ նախագահ Աունի հետ քննարկեց նաեւ պետական մարզի պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձերուն վերաբերող յաւելումներուն թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Պայրամ յայտնեց, որ նախագահ Աուն զինք տեղեակ պահած է ծովային սահմանագծումին եւ նաւթ ու կազի արտահանման վերաբերող դրական լուրերուն մասին` աւելցնելով նաեւ, որ նախագահ Աուն հաստատեց, որ ի վերջոյ կառավարութիւնը պիտի կազմուի, եւ այդ քայլը պիտի օժանդակէ երկրին մէջ գործող հաստատութիւններուն կայունութեան:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտը, որ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական աթոռի թափուր մնալու պարագային երկրին վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները:
Սէյիտ յայտնեց, որ հաւանաբար այս հարցին համար գտնուելիք լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ նախագահական ընտրութենէն ետք անպայման որ պիտի կազմուի կառավարութիւնը:
Սէյիտ նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է ծովային սահմանագծումին մասին զարգացումները` յառաջիկայ երկու օրերուն ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի կողմէ ներկայացուելիք գրաւոր առաջարկին լոյսին տակ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ղատա Շրայմ:


