Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին իր մասնակցութեան եւ Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա հաստատեց, որ Միքաթիի Նիւ Եորք այցելութիւնը յաջող էր եւ կը պարփակէր բազմաթիւ հանդիպումներ, որոնց շարքին` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հանդիպումը:
Ան նշեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գործունէութեան առաջնահերթութիւնները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չիան Մին Ճիանը` ներկայութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի եւ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ «Օժերօ»-ին կատարուած չինական նուիրատուութիւնը` 8 միլիոն տոլար արժողութեամբ ուժանիւթի արեւային սալիկներու տրամադրումը:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամի հետ, որուն հետ քննարկեց Աշխատանքի արաբական կազմակերպութեան խորհրդաժողովին արդիւնքները:
Մեկնումի պահուն Պայրամ աշխատավարձերու մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ անոնք աստիճանաբար պէտք է բարելաւուին եւ վերածուին լիբանանցիին համար արժանապատիւ կեանք մը ապահովող գումարներու:
Պայրամ ընդգծեց, որ ամսական աշխատավարձերը բարելաւելու մասին լուրջ ճիգեր ի գործ կը դրուին նախարարական յանձնախումբերուն կողմէ:
Ան շեշտեց, որ աշխատաւոր դասակարգը պէտք է փրկել ներկայ տնտեսական տագնապէն:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար եւ երեսփոխան Քերիմ Քապպարա:


