Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց վերամուտին կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ պետական դպրոցներուն եւ համալսարաններուն տրամադրուելիք հատուցումները` խորհրդարանին վաւերացուցած ամավարկին ընդմէջէն:
Պատասխանելով արհեստից ուսման մարզին մէջ դասաւանդող ուսուցիչներուն տրուելիք հատուցումներուն մասին հարցումի մը` Հալապի յայտնեց, թէ բոլոր անոնք, որոնք պետական մարզին մէջ կը գործեն եւ աշխատավարձ կը ստանան, պիտի օգտուին ամավարկին հատուցումներէն:


