Երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի իր վերջին մրցումը, երբ Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Տապլինի մէջ հիւրը եղաւ Իրլանտայի:
Մնալու համար Բ. դասակարգին մէջ, հայրենի կազմը ամէն գնով պէտք ունէր յաղթանակի մը:
Հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղի 18-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը:
Բ. կիսախաղին սկիզբը արդիւնքը վերածուեցաւ 2-0-ի, երբ Իրլանտա 52-րդ վայրկեանին նշանակեց այլ կոլ մը:
Հայաստան յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել Արտակ Դաշեանի (71-րդ) եւ Էդուարդ Սպերցեանի (73-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ:
Սակայն մրցումին վերջին վայրկեաններուն, Հայաստանէն կարմիր քարտ ստացան Յովհաննէս Համբարձումեան (89-րդ) եւ Արտակ Դաշեան (90-րդ): Անոնք ունէին մէկական դեղին քարտ:
Իրաւարարին սուլիչէն կարճ ատեն մը առաջ (90+1-րդ), Իրլանտա փենալթիով նշանակեց իր երրորդ եւ յաղթանակի կոլը:
Այսպիսով Հայաստան, որ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը, փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ, ուր ելոյթ պիտի ունենայ յառաջիկայ տարեշրջանին:


