Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը Յետաձգեց Յառաջիկայ 15 Մարտին

March 6, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Աուն եւ վարչապետ Միքաթի` խորհրդարանի մուտքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը յետաձգեց յառաջիկայ 15 մարտին` նկատի ունենալով որ երէկ առաւօտեան տեղի ունենալիք խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ներկայ գտնուեցան միայն 59 երեսփոխան: Թիւ մը, որ բաւարար չէր ժողովը օրինաւոր նկատելու եւ կայացնելու խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը:

Խորհրդարանին մէջ այս պատկերը բացայայտուեցաւ, երբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախագահած Ազգային պայքարի ճակատ պլոքը` Մուսթաքպալի պլոքին կողքին, օրէնսդրական նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեց` սպասելով ելեւմտական թղթածրարներուն լուծում ապահովող ամբողջական ծրագիրի մշակումին: Այսինքն` 11 միլիառ տոլարի եւ 8,900 միլիառ լ. ոսկիի օրինականացման:

Այս պահանջին ընդդիմացաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ յայտնեց, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երեսփոխանները հապճեպ օրինագիծ մը ներկայացուցած են խորհրդարան ու փախուստ տուած անկէ:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ հիմնական հարցը 11 միլիառ տոլարին շուրջ կը կայանայ, որովհետեւ այդ հսկայական գումարին մսխումը բացատրութիւն չունի:

Զօր. Աուն այս յայտարարութիւնը կատարեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք:

Նոյն հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այս է Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է սպասել յառաջիկայ 15 մարտին, որպէսզի կարելի ըլլայ գիտնալ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ:

Խորհրդարանի նախագահին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պըրրի համոզուած է, որ ելեւմտական զոյգ թղթածրարներուն մասին անոր նախաձեռնութիւնը բաւարար է հարցին լուծման համար:

Ֆրենժիէ իր կարգին ըսաւ, որ իւրաքանչիւրը կը հետապնդէ իր փնտռած ճշմարտութեան բացայայտումը:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ իր նախագահած պլոքը պիտի չմասնակցի խորհրդարանի այսօրուան (ելեւմտական) օրէնսդրական նիստին, այնքան ատեն որ ելեւմտական հարցերուն վերաբերող համաձայնութիւնը տակաւին չէ իրականացած:

 

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ Նախագահ Սլէյման-Զօր. Աուն-Ռայի Պատրիարք Հանդիպում

Յաջորդը

«Լիբանանի Մէջ Ոչ Ոք Պէտք Է Ծայրայեղութեան Երթայ, Որովհետեւ Անկարելի Է Այդ Ձեւով Լիբանանի Շահերը Ապահովել» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.