Անցեալ շաբաթավերջին Ղպէյրիի մէջ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմը պաղեստինցիներուն, իսլամներուն եւ արաբներուն մայրաքաղաքը յայտարարելու մասին խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին պատկերասփռուած ճառով մը հանդէս եկաւ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա:
Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ եթէ իրապաշտօրէն պիտի մօտենանք պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին լուծման, ապա անկարելի է ընդունիլ եւ համոզուիլ, որ այդ տագնապին լուծումը բանակցութիւններով կարելի պիտի ըլլայ:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ նոյնիսկ եթէ ենթադրենք, որ Իսրայէլ կրնայ պաղեստինցի գաղթականներէն ոմանց տունդարձի առիթ տալ, անկարելի է, որ ան հրաժարի Երուսաղէմէն, որովհետեւ Իսրայէլի մէջ միասնականութիւն կայ` Երուսաղէմը իսրայէլեան պետութեան մայրաքաղաքը նկատելու առումով, եւ երբեք կարելի պիտի չըլլայ անկէ զիջիլ: «Հետեւաբար Իսրայէլ երբեք պիտի չընդունի Երուսաղէմի կամ Աքսայի մզկիթին մասին բանակցութիւններ կատարել», ըսաւ ան:


