Ա. Էս. Ռոմայի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, որ Աթալանթայի դէմ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումին կարմիր քարտ մը ստացաւ, մրցումով մը կախակայուեցաւ, այս մասին յայտնեց իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան այսպիսով պիտի բացակայի 1 հոկտեմբերին Ինթեր Միլանի դէմ կատարուելիք մրցումէն:


