Երէկ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի մարզերուն մէջ ընթացք առաւ Ռուսիոյ միանալու հարցին շուրջ հանրաքուէներու քուէարկութիւն, որ պիտի երկարի մինչեւ 27 սեպտեմբեր:
Անյապաղ հանրաքուէ կատարելու հարցը Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու հանրային պալատներուն մէջ արծարծուած էր շաբաթասկիզբին, եւ անոնք երկուշաբթի օր այս պահանջը ուղղած էին ղեկավարներուն: Թուականները ճշդուած էին երեքշաբթի օր, խորհրդարանները միաձայնութեամբ որդեգրած էին հանրաքուէներու մասին օրէնքները, իսկ ընտրական կեդրոնական յանձնախումբերը հաստատած էին քուէարկութեան կարգը:
Երեքշաբթի օր այդ պահանջին միացած էին Զափորոժիէի եւ Խերսոնի մարզերու բնակիչները:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չորեքշաբթի առաւօտեան պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին ըսած էր, որ Ռուսիան պիտի աջակցի իրենց ապագային վերաբերեալ Տոնպասի, Զափորոժիէի եւ Խերսոնի մարզերու բնակիչներուն որոշումին, որ անոնք պիտի տան հանրաքուէներով:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, երէկ անդրադառնալով Տոնպասին եւ ռուսական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող մնացեալ տարածքներուն Ռուսիոյ կազմ մուտք գործելու հարցով հանրաքուէներուն, ըսաւ. «Հանրաքուէներու դրական արդիւնքին պարագային Ռուսիան Տոնպասին ու այլ տարածքներուն վերատիրանալու Ուքրանիոյ փորձերը պիտի նկատէ իբրեւ իր հողերուն վրայ յարձակում»: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Փեսքով ըսած է, որ Տոնպասի մէջ հանրաքուէներու կատարման անվտանգութիւնը ապահովուած է պատշաճ մակարդակով: «Տոնպասի եւ այլ ազատագրուած տարածքներու` Ռուսիոյ դաշնակցութիւն մուտքի հոլովոյթը արագ տեղի պիտի ունենայ», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:


