Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերականգնման վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան առաջարկը վերջինն է: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն:
«Կը կարծեմ, որ գործարքին կարելի է հասնիլ: Մենք գիտենք, որ պէտք է կնքենք այս համաձայնագիրը, սակայն պէտք է յստակ կերպով հասկցնենք, որ ասիկա վերջին առաջարկն է», ըսած է ան: Ֆրանսայի նախագահին համաձայն, «ասիկա կրնայ Իրանի համար ողջմիտ եւ դրական համաձայնագիր ըլլալ, եթէ անոնք յառաջդիմական ուղիով համաձայնին կացութիւնը կարգաւորելու շուրջ»:
Նախքան այդ, Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարած էր, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 77-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակի շաբթուան ընթացքին Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերականգնման հաւանականութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չ՛ակնկալուիր: Անոր համաձայն, վերջնական համաձայնագիրներու նախագիծերը «կը մնան սեղանի վրայ»:
«Ես չեմ տեսներ լուծում, որ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան այն, ինչ որ մենք կ՛առաջարկէինք», ըսած է Պորել: Ան նախապէս նաեւ էր, որ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները փակուղիի մէջ են:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ Իրանի հետ հիւլէական բանակցութիւնները անել կացութեան մատնուած են Թեհրանի դիրքորոշումին պատճառով:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան իր կարգին երէկ յայտարարեց. «Հիւլէական համաձայնութիւնը տակաւին հասանելի է, եթէ Միացեալ Նահանգներ ատոր համար անհրաժեշտ կամքը ունին»:


