Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանին Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «Մենք Հաւատարիմ Կը Մնանք Ձեր Եւ Այլ Կողմերու Հետ Աշխատելու` Աջակցելու Համար Տագնապի Խաղաղ Լուծման» Կ՛ըսէ Պայտըն

September 23, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ նշուած է.

«Միացեալ Նահանգներու անունով իմ ջերմ շնորհաւորանքներս կը յղեմ հայ ժողովուրդին անկախութեան օրուան առիթով: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական ձգտումներուն, գերիշխանութեան եւ անվտանգութեան:

«21 սեպտեմբերին մենք կը միանանք հայ ժողովուրդին` նշելու ձեր նուիրումը ժողովրդավարութեան եւ մեր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան ամուր կապերը: Վերջին զինուորական գործողութիւնները կ՛ընդգծեն մեր դիւանագիտութիւնը կրկնապատկելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Հայաստանը կարենայ նայիլ դէպի բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայ, ինչ որ կը ներառէ դրացիներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում: Մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք վերջին յարձակումներուն ժամանակ ինկած զոհերուն համար: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր աջակցութիւնը շրջանին մէջ առաւել կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն: Մենք հաւատարիմ կը մնանք ձեր եւ այլ կողմերու հետ աշխատելու` աջակցելու համար տագնապին խաղաղ լուծման, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար:

… Այս տարի Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան մեր նորացուած ռազմավարական երկխօսութիւնը վերահաստատեց մեր միացեալ յանձնառութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ կապերու ամրապնդման նկատմամբ եւ ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական յետագիծին: Միացեալ Նահանգներ կանգնած են Հայաստանի կողքին, մինչ դուք կը շարունակէք աշխատիլ փտածութեան դէմ պայքարի, հաշուետու կառոյցներու զարգացման, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի ուժեղացման ուղղութեամբ:

«Անցեալ տարուան ընթացքին մեր միացեալ աշխատանքը շարունակած է ամրապնդել եւ խորացնել մեր ժողովուրդներուն միջեւ կապերը: Ամբողջ հայ ժողովուրդին կը մաղթեմ անվտանգ եւ խաղաղ անկախութեան տօն»:

 

 

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Խնդիրը

Յաջորդը

Էրտողան Ազրպէյճանին Եւ Հայաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ` «Շուտափոյթ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու»

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.