Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճան Կողմնակից Է Առանց Ժամանակ Կորսնցնելու Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Հոլովոյթը Սկսելուն» Կ՛ըսէ Պայրամով

September 23, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ են սկսելու Հայաստանի հետ խաղաղ համաձայնագիրի մշակումին: «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Ան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 77-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթի հետ բանակցութիւններու ընթացքին  նշած է, որ Պաքուն պատրաստ է աշխատելու փաստաթուղթի բնագիրին վրայ` հակառակ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ «բախումներ»-ուն:

«Հակառակ վերջին բախումներուն եւ մեր կորուստներուն, Ազրպէյճանը կողմնակից է առանց ժամանակ կորսնցնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի հոլովոյթը սկսելուն», ըսած է Պայրամով:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը պնդէ, որ իր երկիրը կ՛ուզէ խաղաղ եղանակով լուծել Հայաստանի հետ վէճերը: «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ եռակողմ հանդիպումի ընթացքին ես վերահաստատած եմ, որ Ազրպէյճանը հաստատակամ է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու հարցին մէջ», ազրպէյճանական «Ռիլ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Պայրամով:

Անոր պնդումով, պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, Ազրպէյճան Հայաստանին խաղաղութեան համաձայնագիր առաջարկած է: «Անցեալ երկու տարուան մէջ շրջանին մէջ բոլոր խաղաղ նախաձեռնութիւնները ինքնին Ազրպէյճանը ներկայացուցած է», ըսած է Պայրամով եւ պնդած, որ Հայաստանը պատասխանատուութիւն կը կրէ զինադադարի դրութիւնը խախտելու համար:

«Հայաստանը ըսած է, թէ ընդունելի կը նկատէ մեր ներկայացուցած 5 հիմնարար սկզբունքները եւ կողմնակից է, որ սահմանազատում ու սահմանագծում կատարուի: Սակայն Հայաստանի խօսքն ու գործը չեն համընկնիր: Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա հայկական ուժերը դուրս չեն բերուիր Ղարաբաղէն, ինչո՞ւ Հայաստանը 2021 թուականէն ետք աւելի քան 1300 ական տեղադրած է Լաչինի մէջ: Այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ խօսք կրնայ ըլլալ եռակողմ յայտարարութեան հաւատարիմ ըլլալու մասին: Հայաստանը պէտք է հրաժարի սադրանքներէն եւ վերադառնայ խաղաղութեան օրակարգով կառուցողական երկխօսութեան», ըսած է Պայրամով:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը քննադատած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսին Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն համար: «Մեր համոզումով, հիմա` առաւել նրբանկատութիւն պահանջող այս պահուն, երբ կայ խաղաղութեան փխրուն յոյս, նմանօրինակ յայտարարութիւնները միայն կրնան ոգեւորել Հայաստանի վրէժխնդրական ուժերը: Ատոր համար անոր այդ յայտարարութիւնը մենք «քաղաքական անպատասխանատուութիւն» կը նկատենք», ըսած է Պայրամով:

Ան վստահեցուցած է, որ Ազրպէյճան հետագային ալ պիտի շարունակէ յառաջ մղել Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան օրակարգը:

 

 

Նախորդը

Նիւ Եորքի Մէջ. Վարչապետ Միքաթի Կը Պահանջէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը

Յաջորդը

Պլինքըն Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Խնդիրը

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.