Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը, որուն ընկերակցեցան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն դեսպանները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար եւ նախագահի խորհրդականներ Ռաֆիք Շլալա, Ուսամա Խաշշապ եւ Ռեմոն Թարապէյ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:
Նախագահ Աուն հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ ինք կ՛աշխատի կազմել ամբողջական լիազօրութիւններով կառավարութիւն մը, որպէսզի 31 հոկտեմբեր 2022-էն ետք նախագահական աթոռի թափուր մնալուն պարագային, այդ կառավարութիւնը կարենայ ստանձնել նախագահին լիազօրութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքական եւ գերիշխանական բարեկարգումի, ինչպէս նաեւ երկրին վարչակարգին մէջ էական փոփոխութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ վարչակարգը ամրապնդել եւ բարեկարգել:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ երկիրը երեք գլուխով կառավարելը դժուար աշխատանք է:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու հոլովոյթին` աւելցնելով, որ այդ մասին առաջին տեղեկագիրը պիտի աւարտի այս ամսուան ընթացքին:
Իր կարգին, Թրաֆ շեշտեց, որ իրենք նախագահ Աունէն պահանջած են ամէն ջանք ի գործ դնել մղելու եւ զօրակցելու համար քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումներու գործադրութեան:
Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնն ու անոր անդամ երկիրները յանձնառու կը մնան Լիբանանի օժանդակութեան, պայմանով որ սակայն ան գործադրէ տնտեսական ապաքինման առողջ ծրագիր մը եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնի յատուկ ծրագիրի մը շուրջ:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ յայտնեց, որ Ֆրանսա անհրաժեշտ կը նկատէ, որ Լիբանանի մէջ աշխատանքի նոր ոճ մը որդեգրուի, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարուի, ինչպէս նաեւ կազմուի խորհրդարանին կողքին գործող ամբողջական լիազօրութիւններով օժտուած կառավարութիւն մը:
Հաժժար նկատել տուաւ, որ կարելի չէ շրջանի տագնապներուն համար քաղաքական լուծումի մը սպասել, մինչ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը առկախ կը մնայ:
Ան ընդգծեց, որ տեղահանուածներու թղթածրարը պէտք է լուծուի:


