Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Իմաստով Դրական Ակնկալութիւններ

September 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաւատեղեակ աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Լիբանան – Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին առումով ակնկալութիւնները դրական են:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, հաստատուեցաւ նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը իրենց կարգին դրական մթնոլորտի մէջ են եւ կը սպասեն վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Լիբանան վերադարձին:

Նշենք, որ ծովային սահմանագծումին իմաստով խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ մեկնեցաւ Նիւ Եորք, ուր հանդիպում մը ունեցաւ սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններու ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի հետ եւ շարունակեց հետեւիլ բանակցութիւններու մանրամասնութիւններուն:

Երեկոյեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Հոքշթայնի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ Միքաթիի խորհրդական, դեսպան Պութրոս Ասաքեր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ամերիկեան ջանքերուն վերաբերող զարգացումներ:

Թեհրանի Մէջ

Միւս կողմէ, Իրանի մէջ գտնուող ուժանիւթի նախարարութեան կազմած լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ պաշտօնական Թեհրանէն իմացաւ անոր պատրաստակամութիւնը` Լիբանանին տրամադրելու 600 հազար թոն նաւթ, 5 ամսուան համար:

Թեհրան ընդգծեց, որ Իրան ամսական դրութեամբ միջին հաշուով 120 հազար թոն նաւթ պիտի տրամադրէ` հասնելու համար Լիբանանի կարիքներուն:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի հաստատեց, որ մօտիկ ապագային դրական լուրեր պիտի յայտարարուին` իրանեան նաւթին եւ Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան միջեւ գործակցութեան շուրջ գոյացած համաձայնութեան մասին:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ապտոլլահեան վերահաստատեց Իրանի պատրաստակամութիւնը Լիբանանին նաւթ եւ որեւէ տեսակի օժանդակութիւն  տրամադրելու իմաստով, որպէսզի ան կարենայ լուծել իր դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Պու Հապիպ եւ Ապտոլլահեան քննարկեցին նաեւ շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցեր:

 

Նախորդը

Պուխարի Այցելեց Ժոմպլաթի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Կ՛աշխատիմ Կազմել Ամբողջական Լիազօրութիւններով Կառավարութիւն Մը, Իսկ Լիբանան Կարիքը Ունի Քաղաքական Եւ Գերիշխանական Բարեկարգումի»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.