Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Կոչումներ Եւ Նշանակումներ` Հայ Պաշտօնատարներու

March 6, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին շրջանին դիւանագիտական, զինուորական եւ առողջապահական հաստատութիւններու մէջ արձանագրուած են պաշտօններու ստանձնումներ եւ աստիճաններու բարձրացումներ: Անոնցմէ կը ներկայացնենք հայ պաշտօնատարներու վերաբերող տեղեկութիւնները.-

Արա Խաչատուրեան`
Հարաւային
Ափրիկէի Մէջ Լիբանանի
Դեսպանութեան
Գործակատար

Արա Խաչատուրեան դիւանագիտական բազմաթիւ պաշտօններ վարած է 1998-էն սկսեալ:

1995-ին ան աւարտած է «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը:

1996-1997 տարիներուն աշխատած է «Պլոմ» դրամատան մէջ: Ապա` 1998-2000 տարեշրջանին, ստանձնած է Պէյրութի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղարութեան գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը:

2000-2002 ան դարձած է Փղոսկրեայ Ափունքի Լիբանանի հիւպատոսը:

2002-2005 ստանձնած է Շուէտի մէջ լիբանանեան դեսպանատան Ա. քարտուղարի պաշտօնը, իսկ 2005-2008` Զուիցերիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատան Ա. քարտուղարի պաշտօնը:

2008-2010 Արա Խաչատուրեան կը դառնայ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան տնտեսագիտական բաժանմունքի փոխնախագահ:

2010-2011 կը ստանձնէ Լեհաստանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավարի պաշտօնը:

2010-էն ի վեր մինչեւ օրս Ա. Խաչատուրեան կը վարէ արտաքին գործոց նախարարութեան տնտեսագիտութեան բաժանմունքի փոխնախագահի պաշտօնը:

 

Զօր. Ժան Թալուզեան
Լիբանանի
Միջազգային Օդակայանի
Ապահովական
Կառոյցի Պետի Պաշտօնը

Զօր. Ժան Թալուզեան ստանձնած է Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական կառոյցի պետի պաշտօնը : 1980-ին ան սկսած է յաճախել Սպայից վարժարան:

Աւելի ուշ Սեն Ժոզեֆ համալասարանին մէջ հետեւած իրաւաբանութեան ճիւղին, զոր յաջողութեամբ աւարտած է:

Զօր. Ժ. Թալուզեան շարունակած է իր ուսումը եւ իրաւաբանութեան մագիստրոսի աստիճանի տիրացած:Ան հետեւած է նաեւ զինուորական գիտութեանց` Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս:

Ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ:

 

Փրոֆ. Լեւոն Նորտիկեան Եունեսքօ-Ի
Լիբանանի Յանձնախումբի Անդամ

Արեւելեան հնագիտութեան մասնագէտ Լեւոն Նորտիկեան նշանակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Լիբանանի յանձնախումբի անդամ:

2000-էն ի վեր Լեւոն  Նորտիկեան Պէյրութի Սէն Ժոզեֆ ֆրանսական համալսարանի նախապատմական Լիբանանի թանգարանի տնօրէնն է:

1979-2003 համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ դասաւանդած է հնագիտութեան վերաբերող դասանիւթեր եւ 1990-էն ի վեր ստանձնած է պատմագիտական եւ հնագիտական բնոյթի «Թամփորա» հանդէսի խմբագրապետութիւնը:

Հեղինակ է արեւելեան հնագիտական ուսումնասիրական  հրատարակութիւններու:

2008-2011 վարած է Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի լիբանանեան յանձնախումբին ընդհանուր քարտուղարութիւնը:

Նշանակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Լիբանանի յանձնախումբի անդամ:

Պարգեւատրուած է  Ֆրանսայի պետութեան կրթութեան մարզի եւ ֆրանսախօսութեան բարձրագոյն շքանշանով:

 

Գնդ. Նազարէթ Աբրահամ Գաբրիէլեան
Զօրավարի
Կոչում

Գնդապետ Նազարէթ Աբրահամ Գաբրիէլեան ստացած է զօրավարի կոչում:1980-ին յաճախած է Սպայից վարժարան:

1983-ին արժանացած է լիբանանեան բանակի տեղակալի պաշտօնին, իսկ 2012-ի յունուարին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի որոշումով, դարձած է հետեւակ ուժերու դերգնդապետ:

Զօր. Գաբրիէլեան հետեւած է ներքին եւ արտաքին զանազան ռազմափորձերու, ինչպէս նաեւ ստացած է լիբանանեան բանակի հրամանատարին կողմէ տրուած բազմաթիւ շքանշաններ:

Ան տեղակալի իր պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր մասնակցած է Լիբանանի մէջ բռնկած բոլոր կռիւներուն:

Զօր. Գաբրիէլեան տարիներ շարունակ ծառայած է զրահապատ մեքենաներով օժտուած հետեւակ ուժերու զօրամասերուն մէջ: Ան չորս անգամ վիրաւորուած է:

 

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան
Բժշկական
Հարցերու Տնօրէն

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան նշանակուած է Տահըր Պաշէը կառավարական հիւանդանոցի բժշկական հարցերու տնօրէն:

Տոքթ. Քէշիշեան 1984-ին աւարտած է  Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կենսաբանական բաժինը:

1990-ին ստացած է բժշկութեան վկայական` Երեւանի պետական բժշկական հիմնարկէն։

1995-ին Երեւանի սրտաբանական հիմնարկէն ստացած է սրտաբանի մասնագիտական վկայական:

1993-1995 դասախօս եղած է  Երեւանի պետական բժշկական հիմնարկին մէջ:

Լիբանանի բժշկական ամսագիրներու աշխատակցած է` գիտական յօդուածներով:

Մասնակցած է աւելի քան երեսուն միջշրջանային եւ միջազգային համագումարներու:

Անդամ է Լիբանանի սրտաբաններու միութեան:

Անդամ է Եւրոպայի սրտաբաններու միութեան:

Անդամակցած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան:

Վարած է Լիբանանի տարբեր հիւանդանոցներու բժշկական յանձնախումբերու անդամի եւ նախագահութեան պաշտօններ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Ո՞վ Կ՛ուզէ Արտաքսուիլ, Դուրս Նետուիլ…

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Արսենալ – Ա. Սէ. Միլան Եւ Պենֆիքա – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.