ՍԱԳՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայր ես եղել, հայր ես եղել,
Մասիսի պէս վե՛հ ես եղել:
Սիրելի՛ պապա, արդէն իսկ քառասուն օր եւ գիշեր գլորուեցան քու անակնկալ եւ տակաւին շա՜տ կանուխ մեկնումէդ:
Քառասուն օրեր` լեցուն քու յիշատակներովդ, իսկ քառասուն գիշեր` անվերջ եւ խոր մտորումներով:
Մեկնումէդ տակաւին երկու շաբաթներ առաջ, բաժակները բարձրացնելով կը խմէինք իմ եւ Լոռիին ուսումնական յաջողութիւններուն կենացները, մեր սիրտերը կը լեցնէիր հրճուանքով եւ, ինչպէս միշտ` քեզի յատուկ ոճով բաժակաճառով մը մթնոլորտը կը ճոխացնէիր: Խղճի հանգստութիւն կը զգայինք, որ մեզմով հպարտ էիր, քանի արդարացուցած էինք ակնկալութիւններդ: Այո՛ պապ, ճիշդ է, որ մեր բոլոր յաջողութիւնները քեզի եւ մամային կը պարտինք:
Փոքր տարիքէս դուն արդէն դարձար իմ «հերոս»-ի կերպարս եւ ոչ միայն երիտասարդական տարիքիս, այլ նաեւ մեծ դեր խաղացիր իմ մասնագիտութեանս ընտրութեան մէջ: Պա՛պ, զիս որքան տպաւորած էին քու բծախնդրութիւնդ եւ գործդ «հոգւով սրտով» ու լիուլի կատարելու ձգտումդ, նաեւ` ստանձնած գործդ մինչեւ աւարտին հասցնելու ջանքդ: Փոքր տարիքէս իմ մէջս նաեւ արթնցուցիր հայրենասիրութեան արժէքները: Դուն յաճախ ինծի կը պատմէիր հօրեղբօրս` Սագոյին կեանքի դրուագներէն եւ արկածախնդրութիւններէն: Հիմա մխիթարողը այն է, որ միացար սիրելի եղբօրդ եւ հերոսածին Մարի մեծ մօրս:
Սիրելի՛ հայրս, տակաւին կարելի է գրել էջեր, որպէսզի շեշտեմ որքան երախտապարտ եմ, որ առիթը ունեցայ քեզի պէս հերոս հօր մը զաւակը ըլլալու: Մենք տակաւին միասին շա՜տ բաներ ունէինք կատարելու եւ վայելելու: Բայց ափսոս պա՜պ: Յոյսով եմ, որ գտար խաղաղութիւնդ ու հանգստութիւնդ այս խենթ աշխարհէն հեռու: Յոյսով եմ նաեւ, որ երկինքէն մեզ պիտի հսկես, եւ միշտ բարձրաձայն խնդուքդ օր մը դարձեալ պիտի արձագանգէ մեր ականջին մէջ: Կը խոստանամ քեզի, որ գործդ կիսատ պիտի չմնայ:
Հողը թեթեւ գայ իմ «փաշա» պապաս, լոյսի մէջ մնաս իմ լաւագոյն ընկերս:
Զաւակդ`
ՍԱԳՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ


