Վստահելի տեղեկութիւններու համաձայն, Ազրպէյճան կը ծրագրէ այլ յարձակումի մըն ալ` ընդլայնելով յարձակման աշխարհագրութիւնը, որուն կարգին նաեւ` Նախիջեւանի ուղղութեամբ:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստին այս մասին յայտարարեց ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան:
Ան նախ նշեց, որ մինչ իրենք նիստին ընթացքին կը խօսին այս մասին, հաղորդումներ ստացուած են, որ փխրուն զինադադարը սպառնալիքի տակ է:
«Վստահելի տեղեկութիւններ կան, որ Ազրպէյճանը կը ծրագրէ ռազմական յարձակում մը եւս` ընդլայնելով նախայարձակումի աշխարհագրութիւնը, ներառեալ` Նախիջեւանի ուղղութեամբ, որպէսզի իրականացնի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքով արտատարածքային միջանցք ստեղծելու Ազրպէյճանի անօրինական յաւակնութիւնները», ահազանգ հնչեցուց Մարգարեան:


