Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Դրամատուներուն Դէմ Զինեալ Ներխուժումները Կը Շարունակուին, Իսկ Պետական Ամավարկի Քննարկումին Նուիրուած Խորհրդարանի Լիագումարը Տեղի Կ՛ունենայ Այսօր

September 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներուն դէմ զինեալ ներխուժումի այլ դէպք մը արձանագրուեցաւ երէկ, երբ «Պլոմ» դրամատան Սոտեքոյի մասնաճիւղին մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացի մը` Սալի Հաֆեզ` իր ատրճանակով մուտք գործեց դրամատուն եւ զէնքի ուժով կրցաւ դրամատունէն 20 հազար տոլարի գումար մը ստանալ` դրամատան մէջ պահ դրած իր գումարներէն:

Ճիշդ է, որ Սալի Հաֆեզի եւ դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքն է ստանալ իրենց գումարները, ճիշդ է նաեւ այն իրականութիւնը, որ Սալի Հաֆեզ իր քրոջ բժշկութեան ծախսերը ապահովելու նպատակով ձեռնարկած էր այս քայլին, սակայն նաեւ դրամատուներուն մէջ գործող պաշտօնեաներն ու յաճախորդները կարելի չէ սարսափեցնել, որովհետեւ անոնք եւս կը տառապին երկրին տնտեսական տագնապէն եւ ելեւմտական ահռելի պայմաններէն:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հերքեց այն լուրերը, թէ Սալի Հաֆեզը ձերբակալած է, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Հաֆեզ Լիբանանէն չէ մեկնած:

Այս շրջագիծին մէջ, «Պլոմ» դրամատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ դրամատունը զինեալ յարձակումի ենթարկուած է` աւելցնելով, որ իրենց յաճախորդ Սալի Հաֆեզ մէկուկէս տարիէ ի վեր դրամատուն չէ այցելած եւ ոչ մէկ դրամատնային գործառնութիւն կատարած է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ան նախանցեալ օր այցելած է դրամատուն եւ գումար պահանջած իր քրոջ բուժման համար: Այս պահանջին դիմաց դրամատունը որոշ փաստաթուղթեր պահանջած է խնդրոյ առարկայէն, սակայն անակնկալի մատնուած է, երբ առաւօտեան ան զինեալ վիճակով խուժած է դրամատուն եւ խուճապ ստեղծած: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ անոր ընկերակցողները պաշտօնեաներուն վրայ պենզին թափած են եւ սպառնացած հրկիզել զանոնք, քանդած են դրամատան որոշ գոյքերը, ինչպէս նաեւ ստիպած են գանձապահը իրենց յանձնելու հոն գտնուող գումարը:

«Պլոմ» դրամատունը հաստատեց, որ իր կողմէ ընդառաջում ցուցաբերուած էր Հաֆեզի պահանջին, սակայն երէկուան գործողութիւնը կանխամտածուած ներխուժման գործողութիւն մըն էր:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստիպուեցաւ այսօրուան յետաձգել պետական ամավարկը քննարկելու եւ վաւերացնելու երէկուան լիագումարը` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Պըրրիի հրաւէրով խորհրդարանի լիագումար նիստը պիտի գումարուի այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

 

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Ելեկտրականութեան Հարցը Քննարկեց Ֆայեատի Հետ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Ծովային Սահմանագծումի Խորհրդակցութիւնները Զարգացումներ Կ՛արձանագրեն»

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.