Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան բանակցութիւններու եւ Ժընեւի միջազգային քննարկումներու գծով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի հանդիպումը:
«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յատուկ գործողութիւնը, շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրները, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ կացութիւնը:
Ղարիպաշվիլի յայտարարած է, որ Վրաստանը կը մնայ Միացեալ Նահանգներու «յուսալի եւ նուիրուած դաշնակիցը շրջանին մէջ եւ ատկէ դուրս»:
Անդրադառնալով շրջանին մէջ խաղաղութեան կարեւորութեան` պաշտօնեաները յիշեցուցած են իրենց միջնորդութեամբ յունիս 2021-ին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, որուն ծիրին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ ազատ արձակուեցան 15 հայ պատերազմական գերիներ, Հայաստանն ալ Պաքուին յանձնեց Աղտամի շրջանի ականներու քարտէսը:
Ռիքըր Թիֆլիսէն պիտի մեկնի Պաքու:


