Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«3000 Քառակուսի Քիլոմեթրի Վերատիրացանք, Խարքովի Հարաւը Կը Յառաջանանք Եւ Ռուսիոյ Հետ Սահմանէն 50 Քիլոմեթր Հեռաւորութեան Վրայ Ենք» Կը Յայտարարէ Ուքրանիոյ Բանակը

September 12, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Զալոժնի յայտարարեց, որ բանակը արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ արագ հակայարձակումի ընթացքին ետ վերցուցած է աւելի քան 3000 քառակուսի քիլոմեթր  տարածք: «Խարքովի հարաւը կը յառաջանանք եւ Ռուսիոյ հետ սահմանէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ ենք», յայտարարեց զօր. Զալոժնի:

Նշուած յառաջխաղացքը եթէ հաստատուի, պիտի նշանակէ, թէ Քիեւի ուժերը 48 ժամուան ընթացքին եռապատկած են իրենց յայտարարուած նուաճումները: Հինգշաբթի երեկոյեան Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին յայտնած էր 1000 քառակուսի քիլոմեթր ետ նուաճելու մասին, իսկ շաբաթ երեկոյեան` 2000 քառակուսի քիլոմեթր:

Զելենսքի յայտարարած էր, որ ուքրանական բանակը Ուքրանիոյ հիւսիս-արեւելքը 30 գիւղերու վերատիրացած է:

Շաբաթ օր արեւելեան հակայարձակումի հետեւանքով ուքրանական զօրքերը մուտք գործած են Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող կենսական նշանակութիւն ունեցող Իզիում եւ Քուփիանսք քաղաքներ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է ռուսական ուժերու Իզիումէն եւ Քուփիանսքէն նահանջը, ինչ որ, ըստ նախարարութեան, իր ուժերուն պիտի արտօնէ «վերախմբաւորուիլ» Մոսկուայի կողմէ հովանաւորուող արեւելեան Ուքրանիոյ ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հաստատած է զօրքերու հեռացումը երրորդ առանցքային քաղաքէն` Պալաքլիայէն` Տոնեցքի ճակատին վրայ «ջանքերը ուժեղացնելու համար»: Ուքրանական ուժերը քաղաք մուտք գործած են ուրբաթ օր:

Զելենսքի երէկ դիմատետրի ճամբով դարձեալ յայտարարեց. «Ուքրանիոյ ուժերը Խարքովի մարզին մէջ եւս բնակավայր մը ազատագրած են. Ուքրանիոյ դրօշը վերադարձաւ Չքալովսքոյէ գիւղ: Եւ այդպէս աւելի ամուր պիտի ըլլայ», տեսանիւթի կողքին գրեց Զելենսքի:

Նախորդը

Էլիզապեթ Բ.-ի Յուղարկաւորութիւնը` 19 Սեպտեմբերին. Չարլզ Գ. Պաշտօնապէս Բրիտանիոյ Թագաւոր. Ան Կը Խոստանայ Հետեւիլ Էլիզապէթ Բ.-ի Օրինակին

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա-1». Մաքս Վերսթափեն Յաղթական` Իտալիոյ Կրան Փրիին

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին  Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է
Միջազգային

Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.