Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Նստաշրջան Ու Նորոգուած Մարտավարութիւն

September 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Երկուշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2022-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կը վերադառնայ արձակուրդէն եւ կը գումարէ աշնանային նստաշրջանի առաջին եռօրեան: Ընդդիմութեան մաս կազմող երկու խմբաւորումները` «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները յայտարարեցին, որ պիտի շարունակեն չմասնակցիլ նստաշրջանի ժողովներուն: Պատճառաբանութիւնը միեւնոյնն է. Ազգային ժողովը կը շարունակէ անտեսել Հայաստանի եւ Արցախի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող օրակարգերը եւ կը զբաղի նուազ կարեւոր, ընթացիկ հարցերով: Ստեղծուած դրութեան բերումով, նախապատուութիւնը պէտք է տրուէր Արցախի անվտանգութեան ու ապագայ կարգավիճակին, Հայաստանի սահմաններու պահպանումին, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն առնչուած խնդիրներուն եւ նմանատիպ այլ հարցերու: Ընդդիմութիւնը պատրաստ է մասնակցելու խորհրդարանի աշխատանքներուն, եթէ վերջինը իր օրակարգին վրայ ունենայ վերոյիշեալ հարցերը: Խորհրդարանական կառավարում ունեցող պետութեան մը մէջ կարելի չէ գոյութենական կարեւորութեամբ այս հարցերը ձգել գործադիր իշխանութեան տնօրինման: Ներկայ դրութեամբ, խորհրդարանը վերածուած է կառավարութեան լծորդի, բան մը, որ կը հակասէ Սահմանադրութեան տառին եւ ոգիին:

Ապահովելու համար կենսական օրակարգերու քննարկումն ու Հայաստանի եւ Արցախի ապագային վերաբերող հարցերու բարձրաձայնումը, ընդդիմութիւնը կը կազմակերպէ, զուգահեռաբար Ազգային ժողովի գումարումներուն, հանրային լսումներ: Լսումներուն պէտք է մասնակցին քաղաքացիական հասարակութեան եւ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ: Այժմէական օրակարգը վարուող բանակցութիւններն են, Արցախի ապահովութեան եւ կարգավիճակի հարցերը, ինչպէս նաեւ ընկերային (սոցիալական) բեւեռացման  ահագնացող վիճակը:

Զուգահեռ այս անպաշտօն խորհրդարանէն պիտի յառաջանա՞յ արդեօք այնքան սպասուած իշխանափոխութիւնը: Քննարկուած հարցերու սրութիւնը, փորձառու ու պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ կատարուած վերլուծումներն ու մատնանշումները տրամաբանօրէն պէտք է մղեն հանրութեան լայն զանգուածներու համախմբումը ընդդիմութեան կողքին: Եթէ համախմբումը կարելի դարձաւ, շնորհիւ նաեւ մարզերուն մէջ կատարուած արթնութեան աշխատանքներուն, հանրային քննարկումներու այս նոր հարթակը կը վերածուի ստուերային խորհրդարանի, որ կրնայ ծնունդ տալ ստուերային կառավարութեան մը, պատրաստ` փոխարինելու գործող իշխանութիւնը: Այս ձեւով, հանրային ընտրութեամբ յայտնի կը դառնայ ընդդիմութեան կողմէ առաջադրելի վարչապետի թեկնածուին ինքնութիւնը: Վարչապետի թեկնածուի մը առաջադրանքը անհրաժեշտ է, ըստ Սահմանադրութեան, կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու համար:

Կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու միջոցով նոր գործադիր իշխանութեան կազմութիւնը նպատակ չէ խորհրդարանական ընդդիմութեան համար: Ազգային անվտանգութեան եւ պետութեան պահպանման նախապատուութիւններով առաջնորդուող կառավարութեան մը կազմութիւնը անհրաժեշտ է կասեցնելու համար պատերազմի պարտութեան հետեւանքով զիջումներու շարունակական գործընթացը: Իշխանութեան պէտք է գան, անկախաբար իրենց կուսակցական պատկանելիութենէն, քաղաքական ու վարչական աշխատանքներու փորձառութեամբ օժտուած, ազգին ու հայրենիքին ազատ ու անկախ պահպանման, անոր հողային ամբողջականութեան տեսլական ունեցող անձնաւորութիւններ: Կառավարութիւնը պիտի գործէ համախումբ, հաւաքական պատասխանատուութեան սկզբունքով: Նման իշխանութիւն մըն է միայն, որ կրնայ յաջողիլ միաւորել Հայաստանի պառակտուած ժողովուրդը ազգային տեսլականի շուրջ, վերականգնել պետութեան ապագային նկատմամբ վստահութիւնը, սփիւռքը զօրաշարժի ենթարկել, բոլորին ներշնչել պայքարելու ու երկիրը փրկելու անժամանցելիութիւնը:

Պրիւքսելի բանակցութիւններէն ետք Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ «խաղաղութեան պայմանագիրը» Ազրպէյճանի հետ կրնայ կնքուիլ մինչեւ տարեվերջ: Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ կայացած բանակցութիւնները կոշտ քննադատութեան ենթարկուեցան Մոսկուայի կողմէ: Մեղմելու համար Մոսկուայի դժգոհութիւնը, Վլատիվոսթոքի մէջ գումարուած «Բազմաբեւեռ աշխարհի ճանապարհին» թեմայով Արեւելեան 7-րդ համաժողովին մասնակցելու առիթով նախագահ Փութինի հետ հանդիպման արտասանած տասը վայրկեան տեւողութեամբ ելոյթին ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեան ինը անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ նախագահին: Նոյն օրերուն եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կովկասեան հարցերու պատուիրակ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նորանշանակ համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըրը: Այս վերջինը եւս վստահեցուց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են օժանդակելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին:

Ռուսական, ամերիկեան ու եւրոպական շահագրգռութիւններու այս հանգոյցին մէջ խուսանաւելու ու հայկական շահերը պաշտպանելու համար, անհրաժեշտ է ունենալ հմուտ դիւանագիտութիւն, որմէ դժբախտաբար զերծ է Հայաստանը ներկայիս: Ժամանակը սուղ է ու իշխանափոխութիւնը` հրամայական անհրաժեշտութիւն:

Մաղթենք, որ «Դիմադրութիւն» շարժման որդեգրած նոր մարտավարութիւնը յաջողութեամբ պսակուի ու Հայաստանը շուտով օժտուի իր կենսական շահերը պաշտպանելու տեսլական ու կարողութիւն ունեցող ազգային միութեան իշխանութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Սփիւռքը Նոր Մարտահրաւէրներուն Ընդառաջ (*)

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.