Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծ Հաւանականութիւն Կայ, Որ Շիրին Ապու Աքլէն Կրնայ Սխալմամբ Իսրայէլեան Բանակի Փամփուշտով Սպաննուած Ըլլալ» Կ՛ըսէ Ատրահի

September 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց. «Լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի սպանութեան յանգած կրակոցի դէպքին շուրջ հետաքննութեան վերջին եզրակացութիւնները. կարելի չէ վճռականօրէն ճշդել, թէ ո՛վ կը կանգնէր Ապու Աքլէի սպանութեան ետին, հակառակ այն իրողութեան, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ լրագրողը կրնայ պաղեստինցի զինեալներ նկատուածներու վրայ կրակոցի ընթացքին սխալմամբ սպաննուած ըլլալ իսրայէլեան բանակի փամփուշտով»:

Ատրահի ընկերային ցանցերու ճամբով նշեց. «Հետաքննութեան աւարտով, տուեալները փոխանցուեցան զինուորական դատախազութեան, եւ դէպքի համապարփակ ուսումնասիրութենէն ու քննութենէն ետք, եւ հիմնուելով մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր տուեալներուն վրայ, զինուորական ընդհանուր դատախազութիւնը գտաւ, որ, դէպքի պայմաններուն համաձայն, չկայ քրէական յանցագործութեան կասկած, որ պիտի արտօնէր զինուորական ոստիկանութեան կողմէ քրէական հետաքննութեան ձեռնարկել»:

«Իսրայէլեան բանակը ցաւ կը յայտնէ Շիրին Ապու Աքլէի սպանութեան համար: Մամլոյ ազատութիւնը եւ լրագրողներու անվտանգութիւնը պահպանելը իսրայէլեան ժողովրդավարութեան արժեհամակարգի հիմն ու հիմնաքարն է, եւ բանակը զայն յարգելու պարտաւորութիւնն ու յանձնառութիւնը ունի», ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Շիրին Ապու Աքլէ սպաննուած էր, երբ Այսրյորդանանի հիւսիսը գտնուող Ժենին գաղթակայանին մօտ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները հաղորդելու ընթացքին գլուխէն փամփուշտ ստացած էր:

 

 

Նախորդը

«Գերմանիոյ Կողմէ Քիեւ Մատակարարման Միակողմանի Քայլեր Պիտի Չըլլան» Կ՛ըսէ Շոլց

Յաջորդը

Յունաստանի Վարչապետը Անընդունելի, Իսկ Ուաշինկթըն «Անօգուտ» Կը Նկատէ Թուրքիոյ Սպառնալիքները

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.