Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկատուութիւնը տարածած է: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:
«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ իբրեւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են քաղաքացիական հողափոր մեքենայի ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատուութիւնն է: Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է, կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքեւ», նշուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:


