Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը, որոնք ճշդուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 425, թիւ 426 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն հիման վրայ:
Սլիմ բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ջանքերը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Ապահովութեան խորհուրդին, որ թիւ 2650 որոշումին հիման վրայ մէկ տարիով երկարաձգած են ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնավարութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ:
Ան բարձր գնահատեց 1978-էն սկսեալ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը:
Անդրադառնալով զօր. Լազարոյի կողմէ ներկայացուած այն խախտումներուն, որոնք կը կատարուին Լիբանանի կողմէ, Սլիմ հաստատեց, որ անոնք չեն բաղդատուիր միշտ գործուող իսրայէլեան օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւններուն հետ:
«Յարգելով եւ արժեւորելով հանդերձ միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, անկիւնադարձային փուլերու ընթացքին կը շօշափենք, որ անոնք կը կեդրոնանան այսպէս կոչուած «Լիբանանի կողմէ գործուած խախտումներ»-ու վրայ, սակայն հակառակը, այլ խօսքով` Իսրայէլի կողմէ մնայուն խախտումները դատապարտելու ճիգ չի կատարուիր», շեշտեց Սլիմ:
Ան հաստատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնն ու համադրումը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահելու համար:
Սլիմ շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու իր իրաւունքին` յանձնառու մնալով թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Այս շրջագիծին մէջ ան անհրաժեշտ նկատեց, որ իսրայէլեան բանակը հեռանայ Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ հիւսիսային Ղաժարէն, ինչպէս նաեւ արագանայ ծովային սահմանագծումի գործընթացը:
Իր կարգին, զօր. Լազարօ անդրադարձաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ բանակին միջեւ գործակցութեան կարեւորութեան` մաղթելով, որ լիբանանեան բանակը կարենայ բարելաւել ծովային իր կարողութիւնները:


