ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնած է Քապուլի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Պայթումը երկուշաբթի օր տեղի ունեցած էր դեսպանատան հիւպատոսական բաժանմունքի մուտքին մօտ, ուր աֆղանները կը սպասէին իրենց մուտքի արտօնագիրներու մասին տեղեկութիւններու, եւ երբ ռուս դիւանագէտը շէնքէն դուրս եկած է` մուտքի արտօնագիր ստացողներու անունները յայտարարելու:
Զոհուած են դեսպանատան երկու աշխատակիցներ եւ առնուազն մէկ աֆղան, իսկ տասը ուրիշներ վիրաւորուած են:
Քապուլի ոստիկանութեան բանբեր Խալետ Զատրան յայտնած է, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակ ահաբեկիչը պայթումը ծրագրած է ամբոխի մէջ, սակայն չէ կրցած ատիկա ընել, որովհետեւ անվտանգութեան ուժերը կրակ բացած են անոր վրայ:


