Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լէյլաւան Ամառնային Դպրոցի Փակման Հանդիսութիւն

September 6, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լէյլաւանի վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, երեքշաբթի, 30 օգոստոս 2022-ին Լէյլաւանի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Լէյլաւան ամառնային դպրոցի փակման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ծնողներու եւ շրջանի հայորդիներուն:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ամառնային դպրոցի պատասխանատու Սանահին Թովմասեան, որ նշեց, թէ անցնող վեց շաբաթներու ընթացքին ծրագիրը ուրախ, ազգային, հաճելի եւ դաստիարակիչ միջավայրի մէջ ժպիտ պարգեւեց մեր փոքրիկներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան, որ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցաւ այս ծրագիրի յաջողութեան: Թովմասեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնակազմին եւ ծնողներուն:

Ապա դպրոցի տարիքային երեք խումբերը` Կարմիր, Կապոյտ եւ Նարնջային խումբերը,  ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր: Անոնք անցնող շաբաթներու դասապահերու ընթացքին սորված երգերով, պարերով, ասմունքներով եւ թատերական ներկայացումով ստեղծեցին տօնական եւ հայկական մթնոլորտ:

Այս առիթով, խօսք առաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի»  կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ հակառակ երկրի բազմատեսակ դժուարութիւններուն` փոքրիկները իրաւունք ունին ապրելու առողջ, ուրախ եւ դաստիարակիչ պայմաններու մէջ, եւ այս իմաստով ամառնային դպրոցը էապէս ծառայեց նշեալ նպատակներու իրականացման: Տէմիրճեան հաստատեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւն-կոմիտէ գործակցութիւնը վստահութեան վրայ հիմնուած է, եւ յառաջիկային նոր ծրագիրներով պիտի ստեղծուին աշխատանքային նոր կարելիութիւններ: Ան յոյս յայտնեց, որ շուտով ընթացք կ՛առնէ Լէյլաւանի մարզադաշտի կողքին գտնուող ՀՄԸՄ-ի ակումբի նորոգութեան աշխատանքները` բարերարութեամբ Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանի, որպէսզի ե՛ւ միութիւնը վերսկսի իր գործունէութեան ե՛ւ յառաջիկայ տարի ամառնային դպրոցը ունենայ աւելի յարմար պայմաններ:

Աւարտին «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան յայտնեց, որ Լէյլա Գարակէօզեանին անունը կրող աւանի հաստատումէն տասնեակ տարիներ ետք հիանալի է տեսնել Գարակէօզեան ընտանիքի Լէյլաւանի ծաղկման ծրագիրի շարունակութիւնը: Օհանեան ըսաւ, որ այս հանդէսն ու մթնոլորտը կը նպաստեն, որ միասին շարունակենք խօսիլ հայերէն, երգել հայերէն եւ ուրախ ու առողջ միջավայրի մէջ ապրիլ հայօրէն: Օհանեան հաստատեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լէյլաւանի մէջ օգտաշատ ծրագիրներու յաջողութեան ճիգերուն:

Ամառնային դպրոցի հանդէսը փակուեցաւ Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի «Պահպանիչ»-ով:

Նախորդը

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – ԺԸ.

Յաջորդը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.