Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Ծովային Սահմանագծումի Հարցը

September 3, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց միջազգային շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերաբերող հարցեր:

Քննարկուեցան նաեւ օտար երկիրներու մէջ ծառայող լիբանանցի դիւանագէտներուն հարցերը, Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու անոր վերաբերող հաղորդակցութիւնները, որոնք կատարուած են արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց դատաւորներուն, արդարութեան նախարարութեան եւ դատական ատեաններուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատ այցելեց նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահի: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ նախկին փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Աքըր նախագահ Աունին նուիրեց «2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններ – թիւեր եւ վիճակագրութիւններ» խորագիրը կրող նոր հրատարակուած գիրք մը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Նասըր: Քննարկուեցան կրթական մարզը յուզող հարցերը եւ կաթողիկէ դպրոցներուն որդեգրած ռազմավարութիւնը` լուծելու համար անոնց դիմագրաւած տնտեսական տագնապը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի դպրոցներուն տնօրէնութիւնները կոչուած են կրթական կացութիւնը տեսնելու այն դիտանկիւնէն, որ ուսումը սուրբ իրաւունք է, եւ բոլորը պէտք է տրամադրեն զայն աշակերտներուն` առանց մաշեցնելու եւ սպառելու անոնց ծնողները, յատկապէս այն պարագաները, որոնք տնտեսական եւ ելեւմտական խիստ պայմաններ կը դիմագրաւեն` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող կացութիւնը:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Իպրահիմ Քանաանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի 3-րդ Փուլ

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.