Տինամօ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ ազգային խումբի 19 տարեկան միջնապահ Արսէն Զախարեանի լոնտոնեան Չելսի տեղափոխութիւնը չկատարուեցաւ թեքնիք պատճառներով:
Նշուեցաւ, որ ան պիտի տեղափոխուէր անգլիական ակումբ, եթէ անոր փոխանցման գումարը վճարուէր ռուսական ակումբին:
Նկատի առնելով, որ անգլիական կառավարութիւնը Ռուսիոյ դէմ որդեգրած է տնտեսական եւ դրամատուներու համակարգին դէմ տարբեր տեսակի պատժամիջոցներ, կարելի չեղաւ ճիշդ ժամանակին ռուսական ակումբին վճարել այդ գումարը:
Չելսի պատրաստ էր անոր ակումբին վճարելու անոր հրաժարագինը` 15 միլիոն եւրօ:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պիտի շարունակէ հանդէս գալ իր մաս կազմած ակումբին` Տինամօ Մոսկուայի հետ, որուն հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ յունիս 2024:


