Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա Փրակայի մէջ «Ֆորում 2000» խորհրդաժողովի ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան դարաշրջանը աւարտած է: Ձեռնարկը հեռարձակուած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրեան էջով:
«Յաղթանակի ճամբուն վրայ մենք միշտ պիտի բախինք դժուար ընտրութիւններու եւ միշտ պիտի գայթակղինք կիսատ միջոցներու ձեռնարկելով հաւասարակշռութիւն գտնելու համար… Սակայն դառն ճշմարտութիւնը այն է, որ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան դարաշրջանը աւարտած է, ինչպէս նաեւ կիսատ-պռատ միջոցներու դարաշրջանը:
«Մենք պէտք է վճռական ըլլանք, գործին նուիրուած: Այո՛, մենք պէտք է կոշտ ըլլանք, սակայն ասիկա պատերազմի մէջ յաղթելու միակ միջոցն է, յատկապէս պատերազմի մէջ այնպիսի երկրի դէմ, ինչպիսին Ռուսիան է` նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ», ըսած է Քուլեպա:


