Արժանթինեան իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ այս շաբաթ երկրին հիւսիսը երկու անձեր մահացած են, որոնք վարակուած են թոքի սուր բորբոքումով մը, որ «անծանօթ» է եւ բժիշկները շփոթի մատնած: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
Թոքոման շրջանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ընդհանուր առմամբ այս հիւանդութեամբ վարակուած են 6 անձեր` հիւանդ մը եւ շրջանի հիւանդանոցի արտակարգ խնամքի բաժինին մէջ աշխատող 5 հիւանդապահներ:
Այդ հիւանդներէն մէկը երկուշաբթի օր մահացած է, իսկ երկրորդը` չորեքշաբթի օր, երրորդը դարմանումի համար հիւանդանոց մուտք գործած է, իսկ 6-րդը նախընտրած է մեկուսանալ իր տան մէջ, որովհետեւ անոր վիճակը հիւանդանոցային դարմանում չի պահանջեր:
Շրջանի կառավարութեան մէջ առողջապահութեան նախարար Միտինա Ռուիզ լրագրողներուն յայտնած է, որ այդ հիւանդները շնչառութեան դժուարութիւն եւ թոքերու սուր բորբոքում ունին: Անոնց ախտանշանները նման են «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ախտանշաններուն, սակայն «Քորոնա»-ով վարակման վարկածը բացառուած է:
Թոքի բորբոքումով վարակուած վեց անձերն ալ ենթարկուած են մեծաթիւ տարրալուծարանային քննութիւններու, որոնց բոլորին ալ արդիւնքը ժխտական էր: Անոնք ենթարկուած են «Քորոնա»-ի, «Հանթա»-ի (մկնազգիներու կողմէ փոխանցուող հիւանդութիւն), կրիփի եւ 25 այլ ժահրերու քննութիւններու, սակայն բոլորին ալ արդիւնքը ժխտական էր:
Աշխարհի Վրայ Կապիկի Ծաղիկով
Վարակուածներուն Թիւը Անցած Է 50 Հազարը
«Մետիքըլ Էքսփրես» կը տեղեկացնէ, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան վերջին թիւերը ցոյց տուած են, որ աշխարհի վրայ արձանագրուած է կապիկի ծաղիկով վարակման աւելի քան 50.000 պարագայ, սակայն ժահրի փոխանցումը կը դանդաղի Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու թէժ կէտերուն մէջ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով, աշխարհի վրայ յայտնաբերուած է հիւանդութեան 50.496 պարագայ եւ 16 մահ: Կազմակերպութեան նախագահ Թետրոս Ատանոմ Կեպրեէսուս յայտարարած է, որ վարակման նոր պարագաներու թիւի նուազումը կը վկայէ, որ բռնկումը կարելի է դադրեցնել:
«Հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկաներուն մէջ, որոնց բաժին կ՛իյնայ արձանագրուած պարագաներուն կէսէն աւելին, վարակներու թիւը կը շարունակէ քանի մը երկիրներու մէջ աճիլ, հակառակ անոր որ Քանատայի մէջ նուազման կայուն միտումը յուսադրող է», ըսած է ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Եւրոպական որոշ երկիրներու մէջ, ներառեալ Գերմանիոյ եւ Նետերլանտներու մէջ, նոյնպէս կը նկատուի բռնկման կշռոյթներու յստակ դանդաղում, ինչ որ կը վկայէ հանրային առողջապահութեան միջոցառումներու արդիւնաւէտութեան մասին: Այս նշանները կը հաստատեն այն, ինչ որ մենք սկիզբէն անընդհատ ըսած ենք` ճիշդ քայլերու պարագային բռնկումը կարելի է դադրեցնել», աւելցուցած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարը:


