Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միխայիլ Կորպաչով Մահացաւ

September 1, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուայի կեդրոնական գործնական հիւանդանոցին մէջ 92 տարեկանին մահացած է Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան վերջին ընդհանուր քարտուղար, Խորհրդային Միութեան առաջին եւ վերջին նախագահ Միխայիլ Կորպաչովը:

Անոր կառավարման օրերուն Խորհրդային Միութեան մէջ սկիզբ առած է վերակառուցման եւ բազմակարծութեան քաղաքականութիւնը, հիմեր ստեղծուած են խօսքի եւ խիղճի ազատութեան, ինչպէս նաեւ ազատ ձեռներէցութեան գաղափարները կեանքի կոչելու համար:

Կորպաչովեան ժամանակաշրջանին Խորհրդային Միութեան մէջ սկսած բարեփոխումներուն հետեւանքով Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ համայնավարական վարչակարգերը տապալած են, քանդուած է Պերլինի պատը: Այդ քաղաքական հոլովոյթներուն պատճառով, ի վերջոյ, լուծարուած է նաեւ Խորհրդային Միութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Խորհրդային Միութեան առաջին եւ միակ նախագահ Միխայիլ Կորպաչովը հազուագիւտ ղեկավար էր, որ քաջութիւն ունէր վտանգի ենթարկելու իր ասպարէզը` հասնելու համար «այլ ապագայի»: «Արդիւնքը աւելի ապահով աշխարհ էր եւ աւելի մեծ ազատութիւն միլիոնաւոր մարդոց համար», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Ան նաեւ Կորպաչովը կոչեց «զարմանալի հեռատես մարդ»: Անոր համաձայն, այն ժամանակ «միայն քանի մը խորհրդային բարձրաստիճան պաշտօնատարներ քաջութիւն ունեցան խոստովանելու, որ բան մը պէտք է փոխել»:

«Իբրեւ Խորհրդային Միութեան ղեկավար` ան աշխատած է նախագահ Ռիկընի հետ` նուազեցնելու մեր երկիրներու հիւլէական զինանոցները, դիւրացնելու կեանքը ամբողջ աշխարհի մարդոց համար, որոնք կ՛աղօթէին հիւլէական սպառազինութիւններու մրցավազքին վերջ տալու համար: Տասնամեակներու դաժան քաղաքական բռնաճնշումներէն ետք ան որդեգրեց ժողովրդավարական բարեփոխումներ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Դիւրին է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ ան այդքան մեծ յարգանք կը վայելէ ամբողջ աշխարհի վրայ շատ-շատերու մօտ: Մենք մեր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք անոր ընտանիքին եւ ընկերներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք շահած են աւելի լաւ աշխարհի նկատմամբ անոր հաւատքէն», եզրափակեց Պայտըն:

Նախորդը

Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ Յաջորդ Հանդիպումը Նոյեմբերին. Համաձայնութիւն Գոյացաւ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով Շարունակել Համաձայնագիրի Մշակման Շուրջ Առարկայական Բանակցութիւնները

Յաջորդը

Ա. Սէ. Միլան Ունեցաւ Իր Նոր Սեփականատէրը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.