«Հզօր Լիբանան» համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Երեսփոխան Ասաատ Տըրղամի բնակարանին մէջ գումարուած նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Հզօր Լիբանան» համախմբումը անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանեան կեցուածքին ամրապնդումը` շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն առընթեր:
Համախմբումը ընդգծեց, որ կեցուածքի ամրապնդումը կ՛ըլլայ ամբողջական լիազօրութիւններով օժտուած կառավարութեան մը կազմութեամբ, ինչպէս նաեւ սահմանադրական ժամկէտին ընթացքին հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութեամբ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ ներկայիս առաջնահերթութիւն կը նկատուին կառավարութեան կազմութիւնն ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` անկախ հիւլէականի թղթածրարի բանակցութիւններուն արդիւնքներէն, կամ ծովային սահմանագծումէն, կամ Ծոցի երկիրներ-Իրան յարաբերութիւններէն, կամ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններէն:
Համախմբումը շեշտեց, որ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը վերջ կու տայ հրաժարած կառավարութեան լիազօրութիւններուն շուրջ բանավէճին եւ երկիրը կը փրկէ սահմանադրական քաոսի մը հաւանականութենէն:
Համախմբումը հաստատեց, որ կառավարութիւնը քաղաքական իշխանութիւն է եւ ոչ թէ թեքնիք, յատկապէս եթէ հաւանական է, որ ան հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները ստանձնէ: «Հետեւաբար մերժելի է խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքները չեղեալ նկատել եւ քաղաքական կառավարութիւն պահանջողը յանցաւոր նկատել կամ զայն ամբաստանել երկրին քաղաքական կեանքը խոչընդոտելու յանցանքով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը կը զգուշացնէ սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը շրջանցելով հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները հրաժարած կառավարութեան յանձնելէ: «Նման քայլերը երկիրը պիտի առաջնորդեն սահմանադրական քաոսի մը եւ հաւանաբար քաոսէն ալ աւելի, եւ մենք նման բան պիտի չարտօնենք», շեշտեց համախմբումը:
Համախմբումը ընդգծեց, որ շահագրգռուած է Պաապտա հասցնելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ իր տեսակէտներով երկիրը կը փոխադրէ դէպի այլ փուլ, որուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ բարեկարգել երկրին քաղաքական եւ տնտեսական վարչակարգն ու վարչական գործիքակազմը, ինչ որ պիտի իրականանայ երկրին օրէնսդրական եւ գործադիր իշխանութիւններուն կողմէ:
Համախմբումը Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը, յանձին խորհուրդի նախագահին, պատասխանատու նկատեց դատական մարմիններուն քայքայումին, եւ հետեւաբար դատական իշխանութիւններուն հեղինակութիւնը խոցելի դարձնելուն:
Համախմբումը հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ բացայայտելու համար իւրաքանչիւր անձ, որ թերացած է եւ կամ պատասխանատու է դատական իշխանութեան կողմէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը կաղացնելու ու Ռիատ Սալամէի եւ անոր մեղսակիցներուն ոճիրները ծածկելու:


