Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի բանտերը կը դիմագրաւեն հիմնական երեք հարցեր, որոնք են` գերխճողուածութիւն, նկատի ունենալով, որ բանտարկեալներուն 79.1 առ հարիւրը դատավարութեան չեն ենթարկուած տակաւին, ինչպէս նաեւ բժշկութեան եւ սնունդի հարցեր:
Ան կոչ ուղղեց դատաւորներուն իրենց ներդրումը ունենալու բանտերու գերխճողուածութեան հարցը լուծելուն մէջ` արագացնելով արգելափակեալներուն դատավարութիւնները:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ պէտք է լրջօրէն քննարկել նաեւ համաներման տարբերակը, որ անհրաժեշտ է` նկատի ունենալով ներկայ պայմանները:
Մաուլաուի յայտնեց, որ բանտերուն գերխճողուածութիւնը թեթեւցնելու համար առնուած քայլերէն մէկն է բանտարկութեան տարին կրճատելու որոշումը, որուն մասին ինք վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ խորհրդակցած է, եւ անոնք կը զօրակցին այդ լուծումին: «Այսօր խորհրդարանին պիտի ներկայացնենք բանտարկութեան տարին կրճատելու մասին օրինագիծ մը», հաստատեց Մաուլաուի:
Մաուլաուի կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն լրջութեամբ եւ անկեղծութեամբ վաւերացնելու այդ օրինագիծը: Ան աւելցուց, որ իրենք միշտ սնունդ կը պահանջեն` բանտերուն տրամադրելու համար` ընդգծելով, որ բանտերը կ՛օգտուին նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան տրամադրուած սննդեղէնի օժանդակութիւններէն:
Մաուլաուի շեշտեց, որ եթէ կարիքը ըլլայ, ներքին գործոց նախարարութեան յատկացուած սննդեղէնի ամբողջ օժանդակութիւնը պիտի տրամադրեն բանտարկեալներուն: Ան նկատել տուաւ, որ 20 միլիառ լ. ոսկի տրամադրուած է բանտարկեալներուն սնունդ ապահովելու:
Մաուլաուի յայտնեց, որ բժշկութեան հարցը կարիքը ունի լուրջ աշխատանքի եւ անկեղծ վերաբերումի, ինչպէս նաեւ ճիգերու մէկտեղումի:
Ան նշեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պիտի կազմակերպէ խորհրդաժողով մը, որուն պիտի հրաւիրէ միջազգային բոլոր հաստատութիւնները, որոնք առողջութեան եւ բժշկութեան մարզով կը զբաղին` լուծումներ գտնելու եւ բանտարկեալներուն բուժման կարելիութիւն ստեղծելու:


