Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումը

September 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը:

«Երախտապարտ ենք այդ որոշումին համար, որովհետեւ անոր նպատակն է պաշտպանել հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը` ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան հիմամբ», ըսաւ ան:

Միքաթի հաստատեց, որ ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնել զօրակցելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ին` վերահաստատելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային օրինականութեան եւ ՄԱԿ-ի որոշումներուն:

Միւֆթի Իմամ. «Բախումները, Լարուածութիւնն Ու Անձնասիրութիւնը
Հայրենիք Չեն Կերտեր Եւ Հասարակութիւն Չեն Ամրապնդեր»  

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի այցելեց Թրիփոլիի միւֆթիի գործակատար շէյխ Մոհամետ Իմամի, որուն հետ քննարկեց տիրող ընդհանուր կացութիւնն ու քաղաքական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Իմամ զօրակցութիւն յայտնեց Միքաթիին` կառավարութիւնը կազմելու անոր առաքելութեան մէջ, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր կեցուածքներուն` սահմանադրութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ սիւննի համայնքի գլխաւոր պաշտօնին լիազօրութիւնները պաշտպանելու առումով:

Հանդիպումէն ետք միւֆթի Իմամ յայտնեց, որ բախումները, լարուածութիւնն ու անձնասիրութիւնը հայրենիք չեն կերտեր եւ հասարակութիւն չեն ամրապնդեր: Ան կոչ ուղղեց բոլորին Լիբանանի շահերը գերադասելու:

Միւֆթի Իմամ աւելցուց, որ վարչապետին հետ քննարկած է նաեւ Թրիփոլիի կարգ մը շրջաններու մէջ ջուրի տագնապին հարցը, որուն լուծման համար Միքաթի պէտք եղած ցուցմունքները տուած է արդէն:

 

Նախորդը

Մորիս Սլիմ Շարաֆէտտինի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Այսօր Պիտի Ներկայացնենք Բանտարկութեան Տարին Կրճատելու Օրինագիծ Մը»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.