Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատագրական Պայքարի Տրամաբանութիւնն ու «Դիմադրութիւն» Շարժումը

September 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Ամիսներէ ի վեր Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս ծայր առած է «Դիմադրութիւն» շարժումը, որուն նպատակն է ընդդիմանալ ՀՀ իշխանութիւններուն վարած պարտուողական քաղաքականութեան, կասեցնել պարտութիւններու շղթան եւ շրջել հայութեան աղէտալի ընթացքը: «Դիմադրութիւն» շարժումը, ըստ էութեան,  բողոք է ու պայքար` ընդդէմ Հայաստանի ու հայութեան իրաւունքներու ոտնակոխման, Արցախի հայաթափման եւ Թուրքիոյ կողմէ հետապնդուած փանթուրանական ծրագիրներուն: Ի վերջոյ, «Դիմադրութիւն» շարժումը թափ ստացաւ հակազգային երկու յայտարարութիւններէ ետք, որոնցմէ առաջինը Արցախի կարգավիճակի նշաձողը իջեցնելու մասին էր, իսկ երկրորդը Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Հայ դատը բացառապէս սփիւռքեան օրակարգ նկատելն էր: Մէկ խօսքով, «Դիմադրութիւն» շարժումը կ՛առաջնորդուի ազգային ազատագրական պայքարի տրամաբանութեամբ եւ ուղղուած է Հայաստանի ու հայութեան ինքնիշխանութեան եւ ազատութեան սպառնացող արտաքին ու ներքին ուժերուն դէմ:

Սակայն, հակառակ այս իրողութեան, շատերու մօտ թիւր համոզում կայ, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը սովորական իշխանափոխութեան համար մղուած պայքար է: Այս տպաւորութիւնը տարածելու եւ արմատաւորելու հարցին մէջ մեծ դեր ունեցած են իշխանութիւններն ու իրենց քարոզչամեքենան, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրած են շարժումը ներկայացնելու իբրեւ նախկիններու վերադարձի փորձ եւ ընդդիմութեան մը մղած պայքար` յանուն իշխանութեան: Ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական ստեղծուած մշակոյթին մէջ, ե՛ւ ժողովրդային ե՛ւ քաղաքական ուժերու առումներով, հայրենիքին ու ազգին առնչուղ բոլոր արժէքներն ու սկզբունքները մանրացուած են, եւ ամէն ինչ կ՛ընկալուի ոչ միայն իշխանութեան` այլ նոյնիսկ անհատ իշխանաւորի նեղ ծիրին մէջ:

Շարժման այս տպաւորութիւնը ստեղծուելու այլ ազդակներ ալ կան, որոնք կը ստուերեն շարժման գաղափարական եւ սկզբունքային բովանդակութիւնը: Առաջին ազդակը այն է, որ հայրենիքի ու հայութեան ինքնիշխանութեան ու ազատութեան սպառնացող արտաքին ուժերուն կողքին, մեծ սպառնալիք կը հանդիսանան Հայաստանի սեփական իշխանութիւնները եւ իրենց ածանցեալ արցախեան ղեկավարութիւնը, ինչ որ անհրաժեշտութիւն կը յառաջացնէ իշխանութեանց հեռացումը: Հետեւաբար «Դիմադրութիւն» շարժումը արդարօրէն յառաջ կը քաշէ պարտուողական քաղաքականութեան կրող իշխանութեան հեռացումը, բայց` ո՛չ որպէս ներքաղաքական սովորական իշխանափոխութիւն, այլ` իբրեւ ազգային անվտանգութեան սպառնացող չարիքի անյետաձգելի վերացում: Այստեղ մեծ ընելիք կ՛ակնկալուի «Դիմադրութիւն» շարժումէն, որ իր խօսքը համոզիչ դարձնէ եւ պահանջուած իշխանափոխութիւնը յստակ ու շեշտուած ձեւով, խօսքով ու գործով տեղադրէ ազգային ազատագրական պայքարի տրամաբանութեան մէջ, խորտակէ իշխանութիւններու քարոզչամեքենային ստեղծած աղաւաղուած պատկերը եւ ընդարձակէ պայքարի համահայկական ծիրը` մէկտեղելով ազգի կարող ու առողջ բոլոր ուժերը, որոնք եւս տագնապած են ազգի ու հայրենիքի ճակատագրով: Միւս կողմէ, ազգի ու հայրենիքի ճակատագրով մտահոգուած կարող ու առողջ ուժերը իրենց կարգին պէտք է հայ իրականութեան մէջ ընթացող իրադարձութիւնները դիտեն ներքաղաքական պայքարի սովորական տրամաբանութենէն դուրս եւ զանոնք ընկալեն իբրեւ ազգի ու հայրենիքի համար մղուած օրհասական կռիւ:

Ներքաղաքական սովորական պայքարները բոլոր պետութիւններուն համար բնականաբար պէտք է հաշուի նստին պետութեան օրինական ու սահմանադրական կարգին հետ: Սակայն երբ խնդիրը կը վերաբերի պետութեան լինելիութեան, ազգային անվտանգութեան սպառնացող լրջագոյն վտանգին, սահմանադրութեան ու հիմնական օրէնքի ոտնակոխման, այնտեղ աւելի դժուար ու յաճախ անարդիւնաւէտ կը դառնայ բացառապէս օրինական միջոցներով իշխանութեան մը հեռացման պայքարը, մանաւանդ երբ իշխանութիւնը հակաօրինական բոլոր միջոցներով իր իշխանութիւնը պահելու յանցաւոր ընթացքի մը մէջ է: Սնանկ է այն փաստարկը, որ այսօրուան իշխանութիւնները ժողովրդին կողմէ լիազօրուած են ընելու այն,  ինչ որ այսօր կ՛ընեն: Ժողովուրդները իրենց իշխանութիւնները կ՛ընտրեն երկրի ամբողջականութիւնը պահպանելու, անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, իր բնակավայրին մէջ անհոգ ապրելու, արտաքին սպառնալիքներուն դէմ կանգնելու, տնտեսական ու ներդրումային կայունութիւն հաստատելու եւ երկրէն ներս ներքին համերաշխութիւն ստեղծելու համար: Իսկ ժողովրդավարութիւն դաւանող երկիրներու մէջ անընդունելի է, որ որեւէ իշխանութիւն ինքզինք բոլոր օրէնքներէն վեր դասէ, հակաօրինական բոլոր միջոցներով ամէն տեսակի ընդդիմախօսութիւն ճնշէ, միջպետական համաձայնութիւններ կնքէ, ազգային անվտանգութեան սպառնացող որոշումներ կայացնէ միանձնեայ ձեւով ու անտեսելով բոլոր տեսակի օրէնքներ ու սահմանադրութիւն:

Ազգային անվտանգութեան սպառնացող ներազգային վտանգին դէմ պայքարին զուգահեռ եւ կրկին տեղաւորուելով ազգային ազատագրական պայքարի տրամաբանութեան մէջ, կայ նաեւ արտաքին սպառնալիքներուն դիմադրելու անհրաժեշտութիւնը: Ի վերջոյ փաստ է, որ մեր ազգին ու ազգայինին հանդէպ կոյր ու դարաւոր թշնամութիւն տածող ուժեր,  այսպէս կոչուած իշխանութիւններուն հետ ձեռք ձեռքի տուած, մեր ազգի ու հայրենիքի ճակատագիրը տնօրինելու լկտի ընթացքի մէջ են: Հետեւաբար այս անընդունելի ընթացքը կասեցնելու միակ միջոցը այնպիսի լծակներու ստեղծումն է, որ թշնամիներուն եւ իրենց յանցակիցներուն կ՛ապացուցէ, որ իշխանութեան տիրացած ու ապօրինութիւններով զայն պահած որեւէ խմբակ չի կրնար տնօրինել ազգին ու հայրենիքին ճակատագիրը: Այդ լծակներու ստեղծումը «Դիմադրութիւն» շարժման առաքելութեան կիզակէտն է եւ համազգային ներդրումով իրականանալիք նպատակ: Ճիշդ  այստեղ է, որ ներազգային մակարդակով ոեւէ մէկը դիտորդի կարգավիճակի մէջ մնալու, ներքաղաքական ճղճիմ հաշիւներով առաջնորդուելու կամ անհասկնալի չէզոքութիւն խաղալու իրաւունք չունի: Որովհետեւ պահի լրջութիւնը եւ կորուստներու օրհասական ընթացքը երբեք տեղ չեն տար դիտորդի կարգավիճակի մէջ մնալու անիմաստ հիմնաւորումներուն: Կա՛մ ազգովին կը մղենք մեր ազգային ազատագրական պայքարը ընդդէմ ներքին ու արտաքին բոլոր սպառնալիքներուն, կա՛մ դիտելով, խոհեմութեան կոչ ուղղելով, մտահոգութիւն արտայայտելով, երբեմն ալ դատապարտելով` կը վերադառնանք աղէտէն ճողոպրած մեր ազգի բեկորները անգամ մը եւս հաւաքելու նախկին փուլին: Չէզոքութիւն կարելի է խաղալ ներքաղաքական պայքարի երկու հակադիրներու միջեւ, բայց ո՛չ հայրենազրկումի ու հայրենատիրութեան միջեւ, հայրենադաւութեան ու ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջեւ: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի փանթուրանական ծրագիրները ոչ միայն չեն վերացած, այլ նոր ախորժակներով ու հայութեան նոր կորուստներ պատճառելով դեռ կը շարունակուին, ուստի անոր ու անոր սայլին լծուած հայ պարտուողականութեան դէմ պայքարիլն է դամադրութիւնը` համազգային բոլոր միջոցներով ու լծակներով:

 

 

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարան Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Գիտաժողով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.