Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուան Թեհրանէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ստացած Է» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Մէկ Պաշտօնատարը

August 31, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ զինեալ ուժերը «բազմիցս ձախողած են» Ուքրանիոյ մէջ իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու կիրարկման ժամանակ: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսած է Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը:

Իր անունը հրապարակել չուզող պաշտօնատարը նշած է, որ այս ամիս տարբեր օրերու ընթացքին Մոսկուան Թեհրանէն ստացած է «Մոհաժեր-6» եւ «Շահետ» տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կրնան հարուածել ցամաքային թիրախներ, վարել ելեկտրոնային պատերազմ եւ հրետանիի համար տեղորոշել թիրախները: Աղբիւրին համաձայն, Քրեմլին կը ծրագրէ ձեռք բերել քանի մը հարիւր անօդաչու թռչող սարքեր:

«Նիւ Եորք Թայմզ», վկայակոչելով «Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակից երկիրներու պաշտօնատարներ», իր կարգին հաղորդեց, որ Իրանէն անօդաչու թռչող սարքերու առաջին քանակը հասած է Ռուսիա:

Օրաթերթին տուեալներով` 19 օգոստոսին Թեհրանէն օդ բարձրացած են ռուսական բեռնատար օդանաւեր` անօդաչուներով բեռնաւորուած: Երկու տեսակի իրանեան անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք կրնան նաեւ զինամթերք տեղափոխել, ենթադրաբար նախատեսուած են Ուքրանիոյ դէմ օգտագործման համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն նախապէս յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները կը կարծեն, որ Իրան կը ծրագրէ արագօրէն Ռուսիա տեղափոխել մինչեւ քանի մը հարիւր անօդաչու թռչող սարք, ներառեալ` զէնք կրողներ:

Անոր համաձայն, իրանցի մասնագէտները ռուս զինուորներուն պիտի սորվեցնեն ինչպէ՛ս օգտագործել անօդաչու թռչող սարքերը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քանաանին հերքած էր ռուսական կողմին անօդաչու թռչող սարքերու հաւանական փոխանցման մասին տեղեկութիւնը: Դիւանագէտը նաեւ աւելցուցած էր, որ Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը յստակ է եւ բազմիցս հնչեցուած:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով արեւմտեան մամուլին մէջ յայտնուած այն հրապարակումը, թէ Իրան Ուքրանիոյ մէջ օգտագործուելու համար անօդաչու թռչող սարքեր մատակարարած է Ռուսիոյ, «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը մեղադրած է կեղծիքներ հրապարակելու յանցանքով:

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը, ցաւօք, վերջերս շատ տեղեկատուական լցոնումներ կը կատարէ», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

«Ինչ կը վերաբերի Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններուն, ապա անոնք աշխուժ կերպով կը զարգանան, նախապէս կը զարգանային, կը զարգանան հիմա եւ պիտի շարունակեն զարգանալ», ընդգծած է Փեսքով:

 

Նախորդը

«Իրանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Յարաբերութիւններուն Վերականգնումը Կը Բխի Շրջանի Շահերէն» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Յաջորդը

«Մենք Թերեւս Ուքրանիոյ Աւելի Շատ Կ՛աջակցինք, Քան ՕԹԱՆ-ի Բազմաթիւ Դաշնակիցներ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.