Երեւանի մէջ սկսած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութսալի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի Գ. խմբակին մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան Երեւան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մրցեցաւ Փեթրովի դէմ (Լաթվիա), կրեց 7-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Թէեւ հայրենի կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին երկու կոլերը, սակայն նախքան Ա. կիսախաղին դադարը հիւր կազմը պատասխանեց չորս անգամ:
Հայաստանի կոլերը նշանակեցին Գոռ Սարգսեան եւ Գարեգին Մաշումեան:
Նոյն խմբակին մէջ տեղի ունեցած այլ մրցումի մը ընթացքին, Հելվեցիա Լոնտոն (Անգլիա) 15-0 արդիւնքով ջախջախեց Եւրոպան (Ճիպրալթար):
Իր կատարած երկրորդ մրցումին, Երեւան երէկ 15-1 արդիւնքով ջախջախեց Եւրոպան:
Նշենք, որ Երեւան իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 27 օգոստոսին, Հելվեցիա Լոնտոնի դէմ, որ երէկ 9-6 արդիւնքով յաղթեց Փեթրովի:
Խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւողը կ՛ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:


