Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարար Վահրամ Դումանեան երէկ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականին անդամները` շնորհաւորելով զանոնք Միւնիխի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան անոնց նուաճած մետալները:
Այս հանդիպումին ներկայ էին Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Դաւթեան, երիտասարդներու ախոյեան հանդիսացած Էրիկ Բաղդասարեան, կրկնակի արծաթէ մետալակիր Համլեթ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Վանոյեան եւ խումբին մարզիչները:
Նախարար Դումանեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարմանամարզիկներուն` Հայաստանը պատուով ներկայացնելու եւ արձանագրուած յաղթանակներուն համար:
Իսկ նախարարի տեղակալը` Կարէն Գիլոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչին` Յակոբ Սերոբեանին, զօրաւոր կազմ մը պատրաստելու համար:
Նախարարին հիւրերը շնորհակալութեան խօսքեր ուղղելով յայտնեցին, որ իրենց համար եւս մեծ պատիւ էր Հայաստանի անունը բարձր պահել միջազգային գետնի վրայ:


