Երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Շերիֆ- Փիւնիկ Երեւան մրցումը, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի փլէյ օֆի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, երթի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, Փիւնիկ չկրցաւ յաղթանակի հասնիլ եւ իր հիւրին հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով ճերմակ հաւասարութիւն մը:
Երէկուան մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Մոլտովայի մէջ, անոնք երկուքը 120 վայրկեանի ընթացքին չյաջողեցան կոլ նշանակել, եւ դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն:
Երկու կազմերը իրենց նպատակին հասցուցին երկուքական փենալթի եւ ձախողեցան երեքական փենալթիներու մէջ (2-2):
Վեցերորդ փենալթին բերդ մտցնելու մէջ անբախտ եղաւ Փիւնիկի ֆութպոլիստը, մինչ հակառակը պատահեցաւ հիւրընկալ կազմին համար, որ այսպիսով յաջողեցաւ ապահովել յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` արձանագրելով 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:


