Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-ի Համամասնական Ցուցակը Մշակման Հանգրուանին Մէջ Կը Գտնուի» Կ՛Ըսէ Վահան Յովհաննիսեան

March 3, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թէեւ քաղաքականութեան մէջ կարելի չէ ոչինչ բացառել, բայց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հետ համագործակցիլը «ծայր աստիճան անհաւանական» նկատեց:

Երէկ Ազգային ժողովին աւանդական զրոյցին ընթացքին լրագրողները Յովհաննիսեանէն հետաքրքրուեցան նաեւ, որ եթէ իշխանութիւնը Դաշնակցութեան մեծամասնական ընտրակարգով աթոռներ առաջարկէ, Դաշնակցութիւնը կը համաձայնի՞, թէ՞ ոչ: Դաշնակցական պատգամաւորը իշխանութեան կողմէ այսպիսի առաջարկը ձեւական եւ սուտ նկատեց, աւելին` ծուղակ:

Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ այսպիսի ծուղակի մէջ իյնալը միամտութիւն է, բայց եթէ կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ կրնայ յաղթել, ապա պէտք է թեկնածութիւնը դնէ` բացարձակապէս չմտածելով, թէ ի՛նչ կը մտածեն այդ մասին այլ կուսակցութիւններ: «Ընտրութիւնը մրցակցութիւն է, մրցակցութեան մէջ չեն հարցներ, որ կարելի է` ես աւելի արագ վազեմ», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով 100 առ հարիւր համամասնական համակարգին անցնելու օրինագիծի քուէարկութեան, դաշնակցական գործիչը նշեց, որ հաշուի առնելով քուէարկութեան արդիւնքները, յստակ կը դառնայ, որ խորհրդարանը բնական խորհրդարանի սկսած է նմանիլ, երբ դէմ եւ թեր ձայներու տարբերութիւնը ահռելի չէ:

Յովհաննիսեան ուշագրաւ նկատեց այն փաստը, որ օրինագիծին թեր քուէարկած են նոյնիսկ մեծամասնականով ընտրուած որոշ պատգամաւորներ:

Անդրադառնալով «Արտակարգ դրութեան իրաւական կարգավիճակի մասին» օրինագիծին, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ խորհրդարանական մեծամասնութեան շարքերէն նաեւ հնչեցին աւելի խոհեմ, այլ ոչ թէ հլու հնազանդ խօսքեր:

Խօսելով նախանցեալ օր Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Մանուէլ Բադէեանի այն յայտարարութեան մասին, որ ոչ ոք իր գլխուն բանտապետ չխաղայ, դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ բանտի օրէնքներով կը խօսին, «ես ալ կ՛ըսեմ` մեզմէ լա՞ւ տղաք էք, որ կրնաք երկու անգամ քուէարկել, իսկ մենք` մէկ»:

Վահան Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ի համամասնական ցուցակը մշակման հանգրուանին մէջ կը գտնուի:

Անդրադառնալով իշխանութեան այն յայտարարութիւններուն, թէ իրենց ցուցակներուն մէջ գործարարներ պիտի չըլլան, ան նշեց, որ անոնք ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ են եւ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ սահմանադրական օրէնք կայ, որ կ՛արգիլէ գործարարին Ազգային ժողով մուտք գործել:

«Կայ միայն մէկ օրէնք` եթէ դուն գործարար ես, ապա Ազգային ժողովի պատգամաւոր դառնալէն ետք պէտք է ձգես գործարարի նախկին աշխատանքդ», ընդգծեց Յովհաննիսեան եւ նշեց, որ յստակ չէ նաեւ, թէ ո՛րն է գործարարութեան աստիճանը:

Անդրադառնալով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախանցեալ օրուան յայտարարութեան, որ երկրորդ նախագահը խորտակուած նաւ է, երրորդը` խորտակուող, Վ. Յովհաննիսեան նշեց, որ առաջին նախագահը այն անտանելի բեռն էր, որուն պատճառով երկու նաւերը խորտակուեցան:

Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց նաեւ, որ 2013-ին Դաշնակցութիւնը նախագահի իր սեփական թեկնածուն պիտի ունենայ:

 

Նախորդը

«Հայկական Կողմի Ոչ Կառուցողական Դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Բեկում Արձանագրելուն Կը Խոչընդոտէ» Կ՛Ըսէ Մամետեարով

Յաջորդը

Սարգսեան Եւ Նալբանդեան Ընդունեցին Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.