Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան համար ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Եասին Հայալ կը պնդէ, որ Տրապիզոնի ոստիկանութեան աշխատակիցները պէտք է Տինքի սպանութեան համար մեղադրուին:
Ան ըսած է, որ սպանութեան պատուէրը Էրհան Թունճելի միջոցով ինք ստացած է ինքնին ոստիկանութեան աշխատակիցներէն, որոնք զինք յորդորած են յաճախակի հանդիպիլ Էրհանի հետ եւ անոր հետ «միշտ կապի մէջ մնալ», որովհետեւ «Օկիւնն ալ, Էրհանն ալ լաւ երիտասարդներ են»:
«Եթէ պաշտօնեաներու դէմ գործ չյարուցուի, ես պատրաստ եմ պատմելու իմ գիտցած ամէն ինչը», ըսած է Հայալ` պատմելով, որ սպանութենէն առաջ յաճախ այցելած է ոստիկանատուն, սակայն իր մուտքն ու ելքը այցելուներու մատեանին մէջ չէ արձանագրուած: Ան շեշտած է, որ անվտանգութեան որոշ աշխատակիցներու կողմէ բանտին մէջ կը հալածուի:
Տրապիզոնի դատարանը հինգշաբթի օր ոստիկանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու Տինքի սպանութեան մասին նախօրօք տեղեակ ըլլալու եւ զայն չկանխարգիլելու համար հաստատած է «պաշտօնական անփութութեան» մեղադրանքը եւ նահանգային ոստիկանութեան պետ, գնդ. Ալի Էօզը եւ մէկ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեան դատապարտած է 6-ական ամսուայ, իսկ երեք այլ աւելի ցած պաշտօնեաներ` 4-ական ամսուան ազատազրկման:


